ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ ԱՅՑԵԼԵՑ ԲԱՆԱԿԻ ՀՐԱՄԱՆԱՏԱՐԻՆ

Զօր. Քահուաժի եւ երեսփոխան Բագրատունի

Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի այցելեց բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիին` պաշտպանութեան նախարարութեան Եարզէի գրասենեակին մէջ:

Երկարատեւ հանդիպումին ընթացքին Բագրատունի գնահատանքով արտայայտուեցաւ երկրի անդորրութիւնը պահպանելու բանակի դերակատարութեան մասին` շեշտելով, որ բանակը իւրաքանչիւր լիբանանցիի վստահութիւն եւ ապահովութիւն ներշնչող համալիբանանեան հաստատութիւն է:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ երկրի ապահովութեան հետ կապուած զանազան հարցեր, կարծիքներու փոխանակում կատարուեցաւ նաեւ շրջանային անցուդարձերուն շուրջ` շեշտելով, որ Լիբանանի վրայ ժխտական անդրադարձը դիմակալելու լաւագոյն միջոցը ներքին միասնականութիւնն է ու հաւաքական ճիգը:

Share this Article
CATEGORIES