ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ՄԷԿ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

ՀՅԴ - Հըզպալլա հանդիպումէն պահ մը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յովիկ Մխիթարեան, Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Աւետիս Կիտանեան եւ Լիբանանի ազգային կուսակցութեանց հանդիպումին մէջ ՀՅԴ-ի ներկայացուցիչ Պարոյր Տէր Ղուկասեան  «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ ընդունեցին Հըզպալլայի մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին Հըզպալլայի քաղաքական խորհուրդի անդամներ Ղալեպ Ապու Զէյնապ, Մահմուտ Քումաթի, նախկին երեսփոխան Ամին Շըրրի եւ Ալի Տահեր:

Հանդիպումէն ետք Ապու Զէյնապ շեշտեց, որ չորեքշաբթի օր կառավարութեան նիստին ընթացքին պատահածը հետեւանք էր կառավարութիւնը բաղկացնող քաղաքական տարբեր կողմերուն միջեւ տարակարծութիւններուն, «որոնց շրջանցման առնչութեամբ փորձեր կը կատարուին, որպէսզի կարելի ըլլայ ամէնէն արագ միջոցին կառավարութիւնը վերստին հրաւիրել ժողովի եւ շարունակել անոր ծրագիրներուն քննարկումը»:

Ապու Զէյնապ դատապարտեց սպանութեան առումով ուղղուած բոլոր սպառնալիքները` կոչ ուղղելով լիբանանցիներուն կառչած մնալու ներքին լիբանանեան ապահովական կայունութեան եւ արգիլելու որեւէ կողմ` պղտոր ջուրերուն մէջ որսալէ:

Ապու Զէյնապ յայտնեց նաեւ, որ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին կատարած իրենց այս այցելութիւնը կ՛իյնայ ՀՅ Դաշնակցութեան հետ մնայուն խորհրդակցութեան շրջագիծին մէջ` աւելցնելով, որ Հըզպալլա Դաշնակցութեան հետ համաձայն է, որ Լիբանանի դիմագրաւած այս զգայուն հանգրուանին ընթացքին իրենք կարիքը ունին արդիւնաւէտ կառավարութեան մը, որ իր ունեցած մտայղացումներն ու ծրագիրները ի սպաս դնէ լիբանանցի քաղաքացիներուն ծառայութեան աշխատանքին:

«Ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին կառավարութիւնը պէտք է վերադառնայ իր աշխատանքին եւ պէտք է վերջ տայ քաղաքական իր անդամալուծութեան, որ վնաս կը հասցնէ լիբանանցի քաղաքացիին եւ լիբանանեան իրավիճակին», շեշտեց Ապու Զէյնապ:

Ապու Զէյնապ նկատել տուաւ նաեւ, որ ներքին լիբանանեան առումով նաեւ պէտք է կայունութիւնը պահպանել: Ան նշեց, որ լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերը իրենց իմաստութեամբ պէտք է պահպանեն Լիբանանի անվտանգութիւնը եւ զայն զերծ պահեն արտաքին հարցերէ:

Ապու Զէյնապ յայտնեց, որ կառավարութեան մաս կազմող ուժերը պէտք է ամէն ջանք ի գործ դնեն շրջանցելու այս հանգրուանը:

Ան հաստատեց, որ Հըզպալլա ճիգ չի խնայեր ազգային երկխօսութիւնը վերսկսելու նպատակով` աւելցնելով, որ Հըզպալլա պատրաստ է բոլորին հետ խորհրդակցելու եւ արդէն ան քաղաքական ու հոգեւոր բոլոր հեղինակութիւններուն, ինչպէս նաեւ Պքերքէի հետ երկխօսութիւն կը կատարէ` հիմնական նպատակ ունենալով լիբանանեան ազգային միասնականութեան ամրապնդումը:

 

Share this Article
CATEGORIES