ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԸ Կ՛ՈՂՋՈՒՆԷ ՔԱԼԻՖՈՐՆԻՈՅ ՆԱՀԱՆԳԱՅԻՆ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ՍՈՒՄԿԱՅԻԹԻ ՋԱՐԴԵՐՈՒՆ ԱՌՆՉՈՒՈՂ ԲԱՆԱՁԵՒԸ

Ֆիլիփ Ֆուենթես

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի արեւմտեան շրջանի գրասենեակը ողջունեց Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանին ներկայացուած թիւ 96 բանաձեւը, որ կը վերաբերի Սումկայիթի, Կիրովապատի եւ Պաքուի մէջ 27-29 փետրուար 1988-ին ազրպէյճանցիներու կողմէ հայերու ջարդերուն:

Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի երեսփոխան Ֆիլիփ Ֆուենթեսի կողմէ ներկայացուած բանաձեւը նուիրուած է Սումկայիթի, Կիրովապատի եւ Պաքուի մէջ զոհուած հայերու յիշատակին: Բանաձեւը օրէնսդիրներուն կոչ կ՛ուղղէ յարգելու զոհերու յիշատակը, յիշելու Ազրպէյճանի մէջ հայերուն նկատմամբ կատարուած սպանդը եւ ջարդերէն վնասուածները, որոնցմէ շատերը գաղթականի կարգավիճակով յայտնուած են Միացեալ Նահանգներու մէջ:

«Ասպարէզ» կը հաղորդէ, որ աշխատանք կը տարուի, որպէսզի բանաձեւը վաւերացուի մինչեւ 27 փետրուար` Սումկայիթի ջարդերու տարելիցի օրը:

Share this Article
CATEGORIES