ԱՄԵՐԻԿԱՑԻ ՀԱՅԱՄԷՏ ՔՈՆԿՐԵՍԱԿԱՆՆԵՐ ՍԱՀԱԿԱՇՎԻԼԻԷՆ ԽՆԴՐԱԾ ԵՆ ՋԱՒԱԽՔԻՆ ԱՒԵԼԻ ՈՒՇԱԴՐՈՒԹԻՒՆ ԴԱՐՁՆԵԼ

Շիֆ եւ Պըրմըն

«Ասպարէզ» կը հաղորդէ, որ Վրաստանի նախագահ Միխայիլ Սահակաշվիլի Միացեալ Նահանգներ կատարած իր այցելութեան ծիրին մէջ հինգշաբթի օր հանդիպում ունեցած է ամերիկացի հայամէտ քոնկրեսականներ Էտըմ Շիֆի եւ Հաուըրտ Պըրմընի հետ:

Ամերիկացի քոնկրեսականները հանդիպումին ընթացքին Սահակաշվիլիի հետ քննարկած են վրաց-ամերիկեան երկկողմանի յարաբերութիւններուն առնչուող հարցեր, ինչպէս նաեւ Վրաստանի նախագահէն խնդրած են հայաբնակ Սամցխէ-Ջաւախեթի շրջանին աւելի մեծ ուշադրութիւն դարձնել:

«Ասպարէզ» կ՛ընդգծէ, որ հանդիպումին ընթացքին Սահակաշվիլի ցանկութիւն եւ պատրաստակամութիւն յայտնած է Ջաւախքին աւելի շատ օգնութիւն տրամադրելու հարցին մէջ Շիֆի եւ Պըրմընի հետ համագործակցելու` աւելցնելով, որ ինք ամբողջական կերպով պիտի սատարէ Ջաւախքին ամերիկեան լրացուցիչ օգնութեան յատկացման ուղղուած ջանքերուն:

«Ես շատ գոհ եմ նախագահ Միխայիլ Սահակաշվիլիի հետ մեր ունեցած քննարկումներէն», ըսած է Շիֆ եւ աւելցուցած. «Ան վճռականօրէն իր աջակցութիւնը յայտնեց, երբ մենք խնդրեցինք վիրահայերուն օգնելու հարցին մէջ աւելի շատ ջանքեր գործադրել»:

Պըրմըն իր կարգին յայտնած է, որ ինք պիտի շարունակէ Վրաստանի հայ համայնքի ներկայացուցիչներու հաւասար իրաւունքներուն համար պայքարիլ:

 

Share this Article
CATEGORIES