«ՖՐԱՆՍԱՑԻ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՇՐՋԱՆԱԿԻՆ ՄԷՋ ՄԵՆՔ ՇԱՏ ՈՒԺԵՂ ԼՈՊԻԻՆԿ ԿԱՏԱՐԵՑԻՆՔ» Կ՛ԸՍԷ ՉԱՒՈՒՇՕՂԼՈՒ
Ազրպէյճանական «1նիուզ.ազ» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի նախկին նախագահ Մեւլութ Չաւուշօղլու ողջունած է Ֆրանսայի ծերակոյտին կողմէ որդեգրուած ցեղասպանութիւններու ժխտումը քրէականացնելու մասին օրինագիծի բողոքարկումը:
Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան ղեկավարներէն Չաւուշօղլու, ողջունելով ֆրանսացի օրէնսդիրներուն այդ քայլը, նշած է, որ Թուրքիա յաջողեցաւ «ամրութիւնը ներսէն քանդել»:
«Այդ հարցին մեծ օգնութիւն ցուցաբերեց նաեւ Ազրպէյճան: Մենք շատ ուժեղ լոպիինկի քարոզարշաւ իրականացուցինք ֆրանսացի խորհրդարանականներու շրջանակին մէջ եւ շատ բաներու հասանք: Յաջողեցանք ֆրանսացի ծերակուտականներուն բացատրել, որ այդ օրինագիծը Ֆրանսային որեւէ օգուտ պիտի չբերէ», ըսած է Չաւուշօղլու:
CATEGORIES Հայկական

