ԷՆ. ՊԻ. ԷՅ. ՊՈՒԼԶ ՅԱՂԹԵՑ` «ՄԵՏԻՍԸՆ ՍՔՈՒԵՐ ԿԱՐՏԸՆ»-Ի ՄԷՋ
Էն. Պի. Էյ.ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ երէկ կատարուեցան վեց ճակատումներ:
Շիքակօ Պուլզ տարեշրջանի իր 19-րդ յաղթանակը արձանագրեց «Մետիսըն Սքուեր Կարտըն»ի մէջ, ուր 105-102 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Նիւ Եորք Նիքսը: Վերջինս կրեց իր 14-րդ պարտութիւնը:
Յաղթական կազմին մարզիկներէն Տերիք Ռոզ նշանակեց 32 կէտ եւ 13 էսիսթ, իսկ անոր խմբակիցները` Քարլոս Պուզըր եւ Քայլ Քորվըր` 16-ական կէտ: Նիքսի մարզիկ Ամարէ Սթուտեմիրէ նշանակեց 34 կէտ եւ 11 ռիպաունտ:
Ստորեւ կու տանք երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.
Մեմֆիս Կրիզլիզ – Աթլանթա Հոքս 96-77
Շիքակօ Պուլզ – Նիւ Եորք Նիքս 105-102
Սան Անթոնիօ Սփըրզ – Նիւ Օրլինզ 93-81
Սաքրամենթօ Քինկզ – Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ 95-92
Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ – Եութա Ճեզ 119-101
Տենվըր Նակեթց – Լոս Անճելըս Քլիփըրզ 112-91
Ստորեւ կու տանք այսօր տեղի ունենալիք մրցումներուն յայտագիրը.
Օրլանտօ Մեճիք – Քլիվլենտ Քաւալիրզ
Ֆիլատելֆիա – Սիքսըրզ – Մայեմի Հիթ
Թորոնթօ Ռեփթըրզ – Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ
Տիթրոյիթ Փիսթընզ – Միլուոքի Պաքս
Նիւ Ճըրզի Նեթց – Մինեսոթա Վուլվզ
Պոսթըն Սելթիքս – Նիւ Եորք Նիքս
Հիուսթըն Ռոքեթց – Ֆէոնիքս Սանզ
Օքլահոմա Սիթի – Մեմֆիս Կրիզլիզ
Տալաս Մավըրիքս – Ինտիանա Փէյսըրզ
Տենվըր Նակեթց – Լոս Անճելըս Լէյքըրզ

