ՓԻՆԿ ՓՈՆԿ. 16-18 ՓԵՏՐՈՒԱՐԻՆ` ԳԱՐՆԱՆԱՅԻՆ ՏԱՐԻՔԱՅԻՆ ՄՐՑԱՇԱՐՔ
Կազմակերպութեամբ Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնին, 16-18 փետրուարին տեղի պիտի ունենայ փինկ փոնկի գարնանային մրցաշարքը` Մոն լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ):
Ֆետերասիոնը նշեց, որ անոնք, որոնք կը փափաքին իրենց մասնակցութիւնը բերել սոյն մրցաշարքին, կրնան իրենց անունները ուղարկել ֆետերասիոնի ե-նամակի հետեւեալ հասցէին` [email protected], եւ կամ իրենց անունները ֆաքսով ուղարկել հետեւեալ թիւերէն մէկուն. 04-402926 եւ 09-211364:
Արձանագրութեան վերջին պայմանաժամ ճշդուած է երեքշաբթի, 14 փետրուարը: Մրցումներուն վիճակաձգութիւնը պիտի կատարուի հինգշաբթի, 16 փետրուարին, յետմիջօրէին ժամը 17:00-ին, Մոն լա Սալի մէջ:
CATEGORIES Մարզական

