ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՊԱՍՔԵԹՊՈԼ. ՔԱՈՒՆԹՐԻ ԼՈՃ – ՀՄԸՄ ՊԷՅՐՈՒԹ ՄՐՑՈՒՄԸ ՅԵՏԱՁԳՈՒԵՑԱՒ
Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 13-րդ եւ նախավերջին հանգրուանի ծիրին մէջ տեղի ունենալիք Քաունթրի Լոճ – ՀՄԸՄ Պէյրութ մրցումը, որ սկզբունքով տեղի պիտի ունենար երէկ` Միշել Մըրի անուան համալիրին մէջ, յետաձգուեցաւ:
Այս մրցումը, որ յետաձգուեցաւ Քաունթրի Լոճի խնդրանքով, այժմ տեղի պիտի ունենայ նոյն վայրին մէջ, սակայն չորեքշաբթի, 8 փետրուարին, երեկոյեան ժամը 20:00-ին:
CATEGORIES Մարզական

