50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (6 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 1962)

«ԲԱԳԻՆ»

Ծանօթ է արդէն մեր ընթերցողներուն, թէ նոր ամսագիր մը սկսած է լոյս տեսնել Պէյրութի մէջ, «Բագին» անունով:

Ամսագիրը նուիրուած է հայ գրականութեան ու արուեստին` միշտ նկատի ունենալով ազգային շունչն ու ոգին:

Յատկանշական է, որ Միջին Արեւելքի մէջ լոյս կը տեսնէ «Բագին»-ը, այսինքն` հայութեան հոծ մէկ զանգուածի սրտին մէջ, ուր կան արդէն ազգային բազմաթիւ դպրոցներ, Ճեմարանը, կաթողիկոսարանը, ազգային ու միջազգային բազմաթիւ կրթական ու մշակութային հաստատութիւններ, թատերական կեանք, օրաթերթեր ու շաբաթաթերթեր:

Առաջին թիւը կը վկայէ արդէն, որ «Բագին» իր շուրջ համախմբած է հայ գրին ու արուեստին հաւատացողներու բազմութիւն մը` հին, միջին եւ նոր գրողներէ բաղկացած, որոնք իրենց խօսքը ըսած են  պատմուածքներով, քերթուածներով, քննադատութեամբ թէ գրախօսութիւններով:

Այս կերպով «Բագին» հոգեկան ու իմացական կապ մը պիտի հաստատէ նաեւ գաղութէ գաղութ ցրուած մտաւորականներու եւ գրողներու միջեւ, որոնք կոչուած են հաւաքական արտայայտութեան: Այսպէս, իր առաջին իսկ թիւին մէջ ուշադրութիւն կը գրաւեն` Համաստեղի հայաշունչ ու պարզ քերթուածը, Նշան Պէշիկթաշլեանի հիացական գրութիւնը` Լիբանանի մասին, Կ. Սասունիի պատմուածքը` Սերոբ Աղբիւրի յուզիչ մէկ դրուագին մասին, Եդ. Պօյաճեանի եւ Սնապեանի հետաքրքրական պատմուածքները, Բ. Փափազեանի եւ ուրիշներու քննադատական խորհրդածութիւնները, Ա. Երկաթի, Իշխանի, Գեղարդի, Գառոնէի եւ Լ. Գարմէնի ու Վ. Օշականի քերթուածները, որոնք իրենց անկեղծութեամբ, յուզումով եւ զանազանութեամբ, հայ կեանքը կ՛ընդգրկեն եւ կ՛արտայայտեն:

Թերթին Բ. թիւը, որ լոյս տեսած է արդէն Պէյրութի մէջ, նոր ու արժէքաւոր անուններ կը բերէ, ինչպէս` Արամ Հայկազ, Ն. Սարաֆեան, Ա. Արփինէ, Ժ. Աթթարեան, Վ. Գէորգեան, Ն. պարթեւ, Եդ. Տասնապետեան, տոքթ. Ե. Խաթանասեան, Տ. Ոսկունի, Բ. Թաշեան, Ա. Տէր Խաչատուրեան եւ ուրիշներ:

Ուրախալի է, որ հայ մտաւորականութիւնը սիրայօժար ընդառաջ գացած է եւ անմիջապէս պատասխանած է հրաւէրին` հաւաքաբար ծառայելու համար հայ գրին ու գրականութեան: Առաջին այս երկու թիւերն իսկ կու գան հաստատելու, թէ որքա՞ն կարեւոր դեր մը կատարելու սահմանուած է «Բագին»-ը, որ պարզ ամսագիր մը չէ, գրական թերթ մը, թիւ մը աւելի, այլ` առաքելութիւն մը իրականացնելու կոչուած հանդէս մը, միշտ արուեստով ու ազգային ոգիով օծուն:

Նման ձեռնարկի մը հրատարակութեան առթիւ առաջին հարցումը, որ կ՛ըլլայ շատերու կողմէ, այն է, թէ որքա՞ն պիտի տեւէ: Բարեբախտաբար այս հարցումը այս անգամ գոյութիւն չունի անոնց համար, որոնք մօտէն տեղեակ են հրատարակութեան պայմաններուն: Ուրեմն ընթերցողները կրնան վստահ ըլլալ, որ «Բագին»-ը ապահով ու տեւական հրատարակութիւն մըն է, որ ընդունակ է հետզհետէ աւելի զարգանալու` նկատի ունենալով իր առաջին թիւերուն իսկ գտած համաժողովրդական ընդունելութիւնը:

Աւելի քան երկու հազար օրինակ ամսագիր` արուեստի ու գրականութեան նուիրուած, երբեք չէ եղած, մանաւանդ` Միջին Արեւելքի երկիրներուն մէջ: «Բագին» հրատարակուած է մեծ քանակով, եւ հակառակ ատոր` սահմանափակ օրինակներ միայն ղրկուած են Միացեալ Նահանգներ, ժողովուրդին համար: Այս սպառումը ցոյց կու տայ նաեւ` հայ ժողովուրդին վստահութիւնը հրատարակութեան  հանդէպ եւ անոր գրական զարգացումը` նման ձեռնարկներու մասին: Երկրորդ, ան կու գայ հաստատելու, թէ ամսագրի խմբագրութիւնը ունի ամէն առաւելութիւն` վստահութիւն ներշնչելու, քանի որ խմբագրութեան վարիչն է ծանօթ գրող ու գործիչ Կ. Սասունի, որուն կ՛աջակցին Եդ. Պօյաճեան ու Պ. Սնապեան` երիտասարդ եւ շնորհալի գրողներ, եւ վերջապէս ծանօթ ու հաւատաւոր անուններ` Յ. Գեղարդ, Տ. Ոսկունի, Բ. Փափազեան եւ Վ. Օշական: Այս անունները բաւական են հաստատելու համար, որ  ամսագիրը յանձնուած է լաւ ձեռքերու, որոնք գիտցած են հաւաքել հայ գրականութեան ծաղկաստանէն ամէնէն գունաւոր ծաղիկները` հաճելի ու արժէքաւոր դարձնելու համար այս բացառիկ ձեռնարկը:

Այս ճիգերէն ետք, կը մնայ, որ հայ ժողովուրդը, ամէնուրեք, իր լաւագոյն ընդունելութիւնը ընէ, աշխատի տարածել զայն` հայ գրականութեան շունչը տարածելու համար հայ տուներէն ներս, այս կերպով ազգային ու մտաւորական բեղուն շրջան մը ստեղծելով:

Սփիւռքի մտաւորականութիւնը իր լաւագոյնը կ՛ընէ հայ մշակոյթի ջահը վառ պահելու համար չար հովերու դէմ, կը մնայ, որ հայ ժողովուրդը, շատ փոքր զոհողութեամբ մը, աջակցի անոր` աւելի՛ զարգացնելու համար հայ մշակոյթը: Չենք ուզեր, որ ողորմութեան, նպաստելու ոգիով մը վերաբերուինք նման ձեռնարկի մը հանդէպ, որ նուիրուած է հայ ժողովուրդի մշակութային փառքին: Պիտի ուզէինք, որ ամերիկահայութիւնը մասնաւորապէս, որ այնքան ջերմ ընդունելութիւն ըրած է ու կ՛ընէ «Հայրենիք»-ի հայերէն ու անգլերէն հրատարակութիւններուն համար, նոյն ջերմութիւնը ցոյց տայ հեռաւոր ու եղբայրական ձեռնարկի մը` «Բագին»-ի հրատարակութեան հանդէպ:

Սփիւռքի մտաւորականութիւնը կու գայ ըսելու, թէ ինք արթուն կը մնայ միշտ եւ աշխատանքի ու ստեղծագործութեան մէջ է` հայ ազգին ու հանճարին պանծացումով:

Հայութիւնը կոչուած է ապացուցանելու, թէ անտարբեր չէ իր տաղանդաւոր զաւակներուն ստեղծագործ ճիգերուն հանդէպ եւ իր ճիգերն ու զոհողութիւնները պիտի տրամադրէ հաւաքաբար կառուցանելու համար հայ մտքի ու մշակոյթին աշտարակը` Լուսաւորիչի վառ կանթեղը վրան:

Share this Article
CATEGORIES