ԲՆՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՄԱՐԴ. ԻՆՉՊԷ՞Ս ԽՆԱՄԵԼ ԽՈԼՈՐՁԻ ՏՈՒՆԿ ՄԸ
ԿԸ ԿԱՐԾԵՆՔ, ԹԷ ՎԱՅՐԻ ԲՆՈՒԹԵՆԷՆ ՊՈԿՈՒԱԾ ԵՒ ԸՆՏԵԼԱՑՈՒԱԾ ԽՈԼՈՐՁԻ ՏՈՒՆԿ ՄԸ ՏԱՆ ՄԷՋ ԾԱՂԿԵՑՆԵԼԸ Կ՛ԵՆԹԱԴՐԷ ՅԱՏՈՒԿ ԳԻՏՈՒԹԻՒՆ ՄԸ, ՈՐ ԱՆՀԱՍԱՆԵԼԻ Է ՄԵԶԻ: ՅԱՃԱԽ ԾԱՂԻԿԻ ՃԻՒՂ ՄԸ ՉՈՐՆԱԼԷ ԵՏՔ ՏՈՒՆԿԸ ԿԸ ԴԱՏԱՊԱՐՏՈՒԻ ՓՃԱՆԱԼՈՒ: ՀԱՄԱՑԱՆՑԻ ԿԱՐԳ ՄԸ ԿԱՅՔԵՐԷ ՔԱՂՈՒԱԾ ՀԵՏԵՒԵԱԼ ՊԱՐԶ ԽՈՐՀՈՒՐԴՆԵՐԸ ԿԸ ԽՈՍՏԱՆԱՆ ՄՇՏԱՊԷՍ ԾԱՂԿԵՑՆԵԼ ԶԱՆՈՆՔ:
Խոլորձը երբեք չդնել հոսող ջուրի տակ, ոչ ալ ձգել, որ ջուր հաւաքուի թաղարին տակ: Զայն ջրել շաբաթը անգամ մը` սառոյցի 3 քառակուսի կտորներ դնելով անոր վրայ: Սառոյցը աստիճանաբար հալելով կը թափանցէ արմատներուն մէջ եւ տունկը կը ստանայ իրեն բաւարար ջուրը: Այս ձեւով ջրուած խոլորձի տունկէ մը տարին գէթ մէկ ծաղիկի ճիւղ կը ծլի:
Երբ ծաղիկի ճիւղը կը սկսի աճիլ, աճման միջոցին պէտք է զայն կապել ձողի մը: Ծաղիկներու գեղեցիկ դասաւորում մը ունենալու համար խուսափիլ, անոր ուղղութիւնը հեռացնել լոյսէն, այլապէս ծաղիկները կը դառնան տերեւներուն հակառակ կողմը: Խոլորձի ծաղիկները երբեք չդնել ջուրի տակ, որպէսզի սնկային մարմիններ չյայտնուին անոնց վրայ:
Երբ վերջին ծաղիկը թորմի, սպասել` մինչեւ նոր ծիլ մը յայտնուի կամ կտրել` ճիւղաւորումի երեք կէտէ վեր:
Ծաղիկի ճիւղ մը թորմելէն ետք սկսիլ պարարտացուցիչ տալ ամիսը անգամ մը: Պարարտացուցիչ տալու շաբաթը սառոյցի կտորներ չդնել թաղարին մէջ, որպէսզի տունկը աւելորդ ջուր չստանայ, այլապէս անոր արմատները կը նեխին:
Տունկը գիշերները պահել աւելի ցուրտ ջերմաստիճանի մէջ: Զայն հեռու պահել ջեռուցիչներէն եւ օդափոխիչ զովացնող սարքերէն: Չոր օդը կը փճացնէ խոլորձին ծաղիկները, որոնք կարիքը ունին 40-60 առ հարիւր խոնաւութեան: Ցերեկը մինչեւ 25 եւ գիշերը մինչեւ 18 աստիճան ջերմութիւնը իտէալ են խոլորձի տունկի մը աճման համար: Իսկ գիշերները մէկ ամիս զայն ցուրտ օդին պարզելը կը խթանէ ծաղիկի ճիւղերու կազմաւորումը:
Խոլորձի տունկը կ՛ախորժի անուղղակի արեւու լոյսէն, կը սիրէ լուսաւոր պատուհանները:
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ



