ՎԱՐԴԱՆԱՆՑԻ ԵՒ ՈՒՍՈՒՑՉԱՑ ՕՐՈՒԱՆ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ

Նկատի ունենալով, որ այս տարի Վարդանանց տօնը կը զուգադիպէր Ուսուցչաց տօնը նախորդող օրերուն, ՀԲԸՄ Պօղոս Գ. Կարմիրեան վարժարանի մէջ այս զոյգ տօները նշուեցան միասնաբար:

Երեքշաբթի, 8 մարտ 2011-ին աշակերտութիւնը համախմբուեցաւ վարժարանին սրահին մէջ. առաջին բաժինով կատարուեցաւ Վարդանանց տօնակատարութիւնը:

Այս առիթով ելոյթ ունեցան վարժարանին տարբեր կարգի աշակերտները:

Նախ եւ առաջ Ե. կարգէն Լիանա Պարսումեան կատարեց բացման խօսքը, որ ընդգծեց Վարդանի եւ անոր ընկերներուն գիտակից զոհաբերութիւնը հայրենիքին ու կրօնին համար, որուն շնորհիւ հայ ժողովուրդը ապրեցաւ եւ կ՛ապրի մինչեւ օրս:

Ապա երկրորդ դասարանը արտասանեց «Վարդան զօրավար»ը, իսկ Դալար Թոսունեան երգեց «Իմ հայրենեաց հոգի Վարդան»: Անկէ ետք Գ. դասարանը արտասանեց «Ձօն Վարդանանց», իսկ Արաքս Էլմայեան երգեց «Մենք Քաջ Վարդանի տոհմէն ենք»:

Եւ ի վերջոյ Ե. դասարանի աշակերտութիւնը երգեց «Հիմի էլ լռենք» երգը:

Յայտագիրի երկրորդ բաժինով ելոյթ ունեցաւ Զ. դասարանը, որ իր պատրաստած գեղեցիկ յայտագիրով լաւագոյնս մեծարեց իր ուսուցիչները:

Բացման խօսքը կատարեց Փաթիլ Խախամեանը, որ իր ընկերներուն թելադրեց ուշի ուշով հետեւիլ հանդիսութեան եւ ապա շնորհակալ ըլլալ իրենց ուսուցիչներուն` անոնց հոգատարութեան եւ բարեխղճութեան համար:

Ներկայացնելով «Տէր Թոդիկի դպրոցը»` անոնք յիշեցուցին իրենց դասընկերներուն հին օրերու դպրոցները եւ դաստիարակութեան ձեւերը:

Ապա անոնք արտասանեցին «Ուսուցիչներուն» եւ երգեցին «Ողջոյն» ու «Թաշարաֆնա պիմաարիֆաթաք» երգերը: Եւ վերջապէս անոնք պարեցին «Վերջին զանգ» պարը` իրենց ուսուցիչներուն նուիրելով վարդեր:

Վարժարանի տնօրէնուհի Մարալ Պալեոզեան, խօսք առնելով, շնորհաւորեց Զ. դասարանը այս գեղեցիկ ու շինիչ յայտագրին համար, որ լաւագոյնս կը փոխանցէր օրուան խորհուրդը: Մ. Պալեոզեան, աւելցնելով, շեշտը դրաւ երեք թուականներու վրայ, որոնք երբեք մոռացութեան պէտք չէ մատնուին. 301-ը` քրիստոնէութեան պետական կրօն հռչակումը, 405-ը` այբուբենի գիւտը եւ 451-ը` Վարդանանց պատերազմը: Ապա շնորհաւորեց ուսուցիչները եւ մաղթեց բարի երթ` այս դժուար ճամբուն վրայ:

ՀՈՒՐԻ ՂԱԶԱՐԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES