«Լ. ՇԱՆԹ» ԿԵԴՐՈՆԻՆ ՄԷՋ. «Թ. ՌՈՍԼԻՆ» ԿԵՐՊԱՐՈՒԵՍՏԻ ԴՊՐՈՑԻ ԿԻՍԱՄԵԱՅ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Թ. Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցին, շաբաթ, 19 մարտ 2011-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Համազգայինի «Լ. Շանթ» մշակութային կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ «Թ. Ռոսլին» դպրոցի աշակերտներու կիսամեայ ցուցահանդէսին բացման հանդիսութիւնը, որուն ներկայ էին մեծաթիւ ծնողներ ու աշակերտներ:
Հաւաքին խօսք առաւ Համազգայինի «Թ. Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցի գեղարուեստական պատասխանատու Ժանեթ Յակոբեան-Եափուճեան, որ նշեց, թէ այս ցուցահանդէսները լաւագոյն առիթներն են` ծանօթանալու աշակերտներուն գործունէութեան: Ան աւելցուց, որ «Թ. Ռոսլին»ի պարտականութիւնն է բացայայտել աշակերտներուն տաղանդները: Յակոբեան-Եափուճեան յայտնեց, որ այս քաջալերական նախաձեռնութիւնը յաւելեալ թափ կու տայ աշակերտներուն` աւելի մեծ կամքով շարունակելու իրենց ստեղծագործական աշխատանքները:
Ցուցահանդէսին ներկայացուած էին, ըստ դպրոցի կրթական ծրագիրին, իւրաքանչիւր դասարանի աշակերտներուն պատրաստած բազմաբնոյթ աշխատանքները, որոնք կը ծառայեն անոնց գեղարուեստական կարողութիւններուն կազմաւորման:
Նշենք, որ ցուցահանդէսը բաց մնաց մինչեւ երեքշաբթի, 22 մարտ 2011: