«ԲԱԳԻՆ»-Ի 50-ԱՄԵԱԿ ԵՒ ՀԱՅ ԳԻՐՔԻ ՏԱՐԻ. ՅՈՅՍԻ ԱՄԵԱԿ ԵՒ ՏԱՐԻ
Յ. ՊԱԼԵԱՆ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը 2012-ը յայտարարած է ՀԱՅ ԳԻՐՔԻ ՏԱՐԻ:
2012-ը 50-ամեակն է «Բագին»-ի հրատարակութեան:
Հայոց գիրը եւ հայ գիրքը առաջին օթեակի մէջ:
Եթէ այդ ձեւականութիւն չըլլայ:
Բայց ի՞նչ բանի կը ծառայէ առաջին օթեակի ուշադրութիւն հրաւիրող այդ հանգստաւէտ դիրքը:
Օթեակներու մէջ երեւելիութիւններ իրենք զիրենք կը ցուցադրեն եւ կամ կը քնանան:
Քանի մը օր, շարունակաբար, իրենց դարակներէն վար առի «Բագին»-ի հաւաքածոներու գեղակազմ հատորները. 1962, 1963, 1964… Ժողովի մեծ սեղանի մը վրայ փռեցի զանոնք, քանի որ փոքրիկ գրասեղանի մը վրայ անոնցմով կարելի չէ զբօսնուլ, դարձուցի էջերը մէկ առ մէկ: Կեանքի տարիներ, որոնք մնացած են հոն, կողքի եւ գրադարանի մութին մէջ:
Հաւանօրէն այդպէս ալ պիտի շարունակուի, եթէ հրաշք չպատահի:
Այս պարագային հրաշքը ո՛չ երկինքէն պիտի իջնէ եւ ո՛չ ալ պիտի ժայթքէ հողի ընդերքէն:
1965, 1966, 1967… բանակ մը անուններ եւ բանակ մը էջեր անուններու մասին, որոնք անհետացած են կամ կ՛անհետանան: Փոխարինումը «թոշակառուներու» սիրով եւ մսող խանդավառութեամբ տեղի չի կրնար ունենալ:
1968, 1969, 1970… Հարցեր արծարծուած են, նոյն եւ տարբեր: Համայնավարութեան եւ խորհրդային կարգերու յառաջացուցած հետեւանքներու մասին գրած են շատեր, երկարաշունչ, անհաւասար արժէքներով, բայց` վկայութիւն ժամանակաշրջանի մը խռովքներուն: Այդ էջերէն ոմանք այլեւս պիտի չկարդացուին: Այդպէս են գրական հանդէսները, անոնք կը նմանին գիտաշխատանոցի, ուր բոլոր փորձերը անպայման չեն յաջողիր: Էջեր` մեր կեանքը յուզող քաղաքական-գրական տագնապներու, որոնց համար սուղ վճարած ենք:
Պատահա՞ծ է, որ թերթատէք տասնամեակներու վրայ փռուած «Հայրենիք» ամսագիրները: Հոն ալ կը գտնէք, Կոստան Զարեանի, Վազգէն Շուշանեանի եւ այլոց կողքին, քառեակ թխողներ: Անուններ, որոնք չեն յիշուիր, որոնք պէտք էին, որպէսզի գրականութիւնը ապրէր: Վերջինները կը շարունակեն յաջորդներ անունները ունենալ, բայց անոնք չեն փոխարիներ առաջինները:
Տասնամեակներու երկայնքին, ականատես եղանք եւ կ՛ըլլանք հետզհետէ ծաւալած եւ հեղձուցիչ դարձած իրապաշտութիւններու եւ գործնապաշտութիւններու. ազգի հարազատութեամբ վերականգնումի եւ որպէս այդպիսին լինելութեան հարցերով չենք զբաղիր այլեւս, խորքը կը փոխարինուի կեղեւով: Տեսա՞ծ էք բնաւ գրադարանի մը մէջ գեղեցիկ հատորներ, որոնք միայն կողք են, հեղինակին էջերը աւելորդ համարուած են, չկան: Այդպէ՞ս պիտի ըլլայ հայերէն գիրքը:
Ի՞նչ պատահած է եւ կը պատահի, եւ ո՞ւր կրնանք երթալ:
Ճկոյթի ետին թաքնուիլ մեզ չի խաբեր, նաեւ կամաւոր կուրութիւնը իրականութիւնները չի ծածկեր, չ՛անհետացներ:
Առանց հեռանկարի` բնական կը համարուի տեղքայլը, մինչեւ որ ան ալ կանգ առնէ:
Այդ տեղքայլը զարգացուցած է, եթէ բառը պերճանք չէ, հայերէնի տեղատուութիւնը բնական համարելու վարդապետութիւն մը, եւ հուսկ` անոր փոխարինումը այլ լեզուով մը, քանի որ ան սոսկ հաղորդակցական միջոց է, ինչպէս կ՛ըսեն, եւ ծափահարող առաջնորդներ ալ կը գտնեն` վասն մարդորսութեան:
Եւ բնական կը դառնայ լատինական տառերու որդեգրումը` յանուն յառաջդիմութեան, փոխանցման շրջանի մը համար, մինչեւ որ կորսուի նաեւ բառը: Եւ «ղեկավարութիւններ»-ը ոչ մէկ ազգային կամք ցուցաբերեցին եւ կը ցուցաբերեն աղէտը կասեցնելու, քանի որ իրենք ալ կը գտնուին տեղատուութեան նոյն հոսանքին մէջ` միշտ յանուն «գործնական» ըլլալու (չ)իմաստութեան:
Եթէ այդպէս է, ի՞նչ բանի համար է «ղեկավարելու ցանկութիւնը»: Ան ա՞զգը ունի նկատի, թէ աւեր գործած եւ գործող դիրքապաշտութիւնները, որոնք կը ծառայեն շահախնդրութիւններու:
ՑԱՄՔՈՂ ՀԱՅԵՐԷՆՈՎ ՀԱՅ ԳԻՐՔ ԵՒ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ Կ՛ԱՊՐԻ՞
Հայերէնը հետզհետէ կը դադրի, շատ մը տեղեր դադրած է ԱՌՕՐԵԱՅ հաղորդակցական միջոց ըլլալէ, յաջողութեան եւ աշխատանքի համար պայման չըլլալով, հետեւաբար ընթերցողներու թիւը հալած է, ինչպէս բարալիկ մեղրամոմերը կը հալին Աստուածամօր պատկերին առջեւ: Կը բաւէ փչել, վերջին լոյսն ալ կը մարի:
Այդպէս կ՛ըլլայ, երբ դպրոց եւ թերթեր կը փակուին, երբ հանգամանք ունեցողներ կը փչեն եւ կը մարեն: Այս` նաեւ հոն, ուր կը շարունակուին «հայկական» համարուած աղմկարարութիւնները:
«Բագին»-ի անուննե՞րը. Կարօ Սասունի, Եդուարդ Պոյաճեան, Բաբգէն Փափազեան, Վահէ Օշական, Արամ Գառօնէ, Արամ Հայկազ, Համաստեղ, Պօղոս Սնապեան, Բիւզանդ Կռանեան, Գեղարդ եւ բիւր ուրիշ անուններ… Եկած են նոր անուններ, ոմանք մնացած են սոսկ խոստումներ, եւ այդ ալ բնական է:
Եթէ ընթերցողները կը հալին կամ պարզապէս հալած են, ո՞ւր պիտի փնտռենք գրողը: Անապատին մէջ միայնակ պտտող քարոզիչ չէ գրողը, ան ընթերցողի պէտք ունի, ընթերցող սերունդի, գիրքը գնող եւ տուն բերողի, գրական հանդէսի մէջ ինքզինք տեսնողի, ճիգ ընողի, ոչ միայն յիշատակ պահող թոշակառուներու, որոնց համար տառերը մեծ պէտք է ըլլան, որպէսզի կարենան կարդալ:
Ընթերցողները կը հալին, այդ ընթացքին հետ կը հաշտուինք, ԲՆԱԿԱՆ կը համարենք հարթող գլանին տակ ճզմուելով այլ բան դառնալու հակավերածնունդը, զայն կը տնտեսենք, որպէսզի գէթ «ծագումով հայ» ըլլալու ինքնախաբէութիւնը շարունակուի, գործնապաշտ (չ)իմաստութեամբ կ՛ըսենք, որ «ասկէ լաւ չ՛ըլլար», գրենք եւ խօսինք աղճատ հայերէնով մը, որուն մէջ հետզհետէ հայերէն բառերը մոմով պիտի փնտռենք, անգլերէնի, արաբերէնի, սպաներէնի, ֆրանսերէնի եւ մօտ օրէն չինարէնի (Չինաստան ալ հայ համայնք սկսած է կազմուիլ) խառնուրդով որբացած հայերէնի ապուրին մէջ:
Զաւե՞շտ, թէ՞ ողբերգութիւն:
Հայ գիրքի տարի է, եւ մեծ թիւով մարդիկ պիտի գան ճառեր, քարոզներ եւ պատգամներ լսելու: Լաւ է, որ գէթ եկողներ կան: Պիտի ըլլան: Բայց աչք ծակող իրականութիւններ կան, զորս չենք տեսներ, ներկայ ըլլանք թէ բացակայ:
Այլ ամպագորգոռ երկինքներու տակ ո՛չ խօսող պիտի ըլլայ, ո՛չ ալ լսելու համար անհանգստացող:
Պատահա՞ծ է, որ ներկայ ըլլաք գիրքի ներկայացման «հանդիսութեան» մը: «Շնորհահանդէս» կը կազմակերպենք, երկու խօսք ալ կ՛ըսենք գիրքի բովանդակութեան մասին, կ՛ըսենք նաեւ, որ հայ գիրքը պէտք է գնել: Ներկաները կանգ կ՛առնեն հեղինակին առջեւ, ՄԱԿԱԳՐԵԼ կու տան, եւ յաճախ շնորհակալութիւն կը յայտնեն եւ կը մեկնին:
Վերջին հաշուով, կը ստացուի այն պատկերը, որ գիրքը ստացողը ինք շնորհք կ՛ընէ հեղինակին` նուէր ստանալով:
Որպէսզի հայ գիրքը ապրի, ազգովին պիտի հասկնա՞նք, որ գիրքը չէ եղած նուէր տրուելու համար, հրատարակիչները բարեսիրական հաստատութիւններ չեն, գիրքը կը վաճառուի եւ կը գնուի: Եթէ Հայ գիրքի տարին յաջողի վերականգնել հայ գիրի արժանապատուութիւնը, զայն դուրս բերել ձրի բաժնուող առեւտրական պրակի վիճակէն, կարելի է յոյսեր սնուցանել, ոչ միայն գիր-գրականութեան կալուածէն ներս, այլ ընդհանրապէս` ազգային լինելութեան: Իւրաքանչիւր ձրի տրուած կամ ստացուած գիրք` տապարի հարուած է նոյն հայ գիրին եւ գիրքին: Այսինքն` ինքնասպանութեան արարքի արագացում եւ բազմացում:
Գիրքերու տպաքանակի, վաճառուածի, նուէր տրուածի եւ պահեստի հաշուական տախտակները եթէ կազմուին, ինչե՜ր կրնանք հասկնալ: Այդ տախտակները մեր բոլոր ճառերուն ամպագորգոռ հակաճառերն են… եթէ, ի հարկէ, այդ տախտակներն ալ կարդացողներ ըլլան: Սադայէլի շրջանակ…
Տարիներ առաջ, Փարիզ, ազնիւ հայու մը մեկենասութեամբ, ողբացեալ Մարտիկ Տակառեանի, լոյս տեսած էր Զուլալ Գազանճեանի բանաստեղծութիւններու գրքոյկը: Գրուած էր` «տպաքանակ 200, նուէր կը տրուի բարեկամներու»: Ի՜նչ պարտութիւն, եւ պարտութեան ի՜նչ խոստովանութիւն: Բանաստեղծը չէր պարտուողը, ան շարունակեց գրել, պարտուողը ազգն էր, որ չանդրադարձաւ իր պարտութեան, եւ այդ ոգիով կը շարունակէ: Խօսքը ապտակ` տափակութիւններու համար սրահ լեցնողներուն, ուր մարդիկ կը փութան առաջին շարքի վրայ տեղ գրաւելու, բայց դժբախտաբար բոլոր շարքերը առաջին չեն… աճող ջոջերուն տեղ տալու համար:
Երէցները տան մէջ հայերէն գիրքերու մեծ կամ պզտիկ գրադարաններ ունէին: Այդ նաեւ ազգային ազնիւ հպարտութիւն էր: Այդ գրադարանները տունէն դուրս կը դրուին, բախտաւոր պարագային կը ղրկուին դպրոցի մը կամ ակումբի մը:
Կը մտածե՞նք բնաւ, որ պորտակապը կը կտրենք մե՛նք, ո՛չ թուրքը եւ ո՛չ սարսափի յիշատակ պահած իր եաթաղանը…
ԺԱՄԱՆԱԿԱԿԻՑ ՀԱՅԸ ԻՐ ԳԻՐԻՆ ԵՒ ԳԻՐՔԻՆ ԴԻՄԱՑ
«Բագին»-ի 50 տարուան թիւերը: Ո՞վ ժամանակ ունի զանոնք թերթատելու, որպէսզի գիտնայ մեր միտքի անդաստանի անցած ուղին` քաջ բաղդատութիւններ ընելու համար: Եթէ յիսնամեակի առիթով տպաւորիչ գինեձօն մը կազմակերպուի, մանաւանդ եթէ անիկա կազմակերպուի հռչակաւոր պանդոկի մը մեծ սրահին մէջ, մարդիկ պիտի գան եւ պիտի ծափահարեն ըսուած եւ լսուած երկու անուշ խօսքը:
Դեռ լաւ է, որ կու գան… Դեռ անոր անգամ չեկողները բանակ են:
Բայց պէտք չէ զարմանալ, երբ սրահին մէջ, կարծիքներու փոխանակութեան ընթացքին, մարդիկ ըսեն, որ իրենք «երբեք «Բագին» չեն տեսներ, չեն տեսած»: Եւ ծափահարողներ պիտի ըլլան… քանի որ անոնք զոհողութիւն ըրած են, եկած են լսելու:
Ի՞նչ պատահած է եւ կը շարունակուի, որպէսզի այս տեղատուութիւնը ծաւալի, աճի, ընդունուի որպէս բնական, անվերականգնելի, տրամաբանական, իրատեսական: Քաջութիւն պէտք է ունենալ, ճառերէն առաջ եւ վերջ, ամբոխային (չ)իմաստութիւնը լսելու, որ մէկ օրէն միւսը ծնունդ չառաւ:
Այնքա՜ն մեծ թիւով միութիւններ, կազմակերպութիւններ եւ կառոյցներ կան` հայկական պիտակով: Անոնցմէ քանի՞ն հայ գիրը եւ գիրքը, գրականութիւնը, որպէս ազգային ինքնութեան, հարազատութեան եւ լինելութեան առանցք, օրակարգ կը դարձնեն, «պազար»-ներէն, հայրենակցական կամ այլ ճաշկերոյթներէն, զբօսաշրջային այցելութիւններէն եւ փառատօներէն առաջ եւ վերջ: Նախընտրաբար` առաջ: Բայց անոնք մեծ-հայրիկի գրադարանն են, որուն համար բաւարար տեղ չկայ տան մէջ:
«Լաւ ապրելու», «արդիականութեան» եւ «ժամանակին հետ քայլ պահելու ու յաջողելու» անզսպելի կիրքով հետզհետէ նեղցուցինք հայ գիրին ու գիրքին տեղը:
Հայկական վարժարաններ կան, լաւ է, որ կան: Անոնք գրադարաններ ունին: Հետաքրքրական պիտի ըլլար գիտնալ, թէ այդ դպրոցներու աշակերտութեան ո՞ր տոկոսը տարին քանի՛ հայերէն գիրք կ՛առնէ գրադարանէն` ընթերցման համար… եւ եթէ այդ գիրքերը չեն առնուիր, պատասխանատուներ չկա՞ն: Այդ դպրոցները կը դատենք ըստ վախճանական նպատակի՞, թէ՞ ըստ անմիջական քաղքենիական յաջողութեան տրուած տուրքի:
Եւ եթէ պատկերը յուսահատական է, այն ատեն հարց պէտք է տանք մենք մեզի, թէ ի՞նչ կը բանինք:
Մեր ճակատագրին բերումով, եւ անոր պատասխան տալու համար «քաղաքականացուցինք» ամէն բան, յաճախ` կարգախօս կրկնող քաղաքականացում մը, որ ինքզինք բանտարկեց չանհանգստացնող «Ցեղասպանութեան ճանաչման» բարոյախօսական տարազին մէջ, շարունակելով «բարոյապէս յաղթելու» Եղիշէէն ժառանգ մնացած տասնհինգ դարերու աւանդութիւնը: Եւ մոռցանք հողը, մոռցանք մշակութասպանութիւնը, որ մեր շեփորած Միացեալ ազգերու ցեղասպանութեան սահմանումին մէջ, յիշուած է նոյնքան յստակութեամբ, որ թափով ընթացքի մէջ է:
Բայց հայ գիրը, գրականութիւնը, մշակոյթը մի՞թէ ազնիւ քաղաքականութիւն չէին եւ չեն ազգ պահելու համար: Եւ հրապարակները ողողեցինք, եւ կը շարունակենք ողողել կաղապար խօսքերով, «քլիշէ»-ներով, «շապլոն» բառերու աղմուկով: Նորոյթներ, ինչպէս` շապիկի կամ տաբատի…
Տնտեսեցինք եւ կը շարունակենք տնտեսել անկումը, նահանջը: Շփոթեցինք ազգային գրականութիւնը քարոզչութեան հետ եւ ծափահարեցինք հայածնունդ օտարագիր գրականութիւնը` անտեսելով մեր սեփականը, որ միայն հայագիր է, միւսը մեզի չի պատկանիր: Պարսիկ բանաստեղծին հայագիր ստեղծագործութիւնը հայ գրականութիւն է, հայածնունդին ֆրանսերէն, արաբերէն, անգլերէն, սպաներէն կամ թրքերէն գրականութիւնը մեզի չի պատկանիր, կը պատկանի այդ լեզուին տէր ժողովուրդին, նոյնիսկ եթէ ան կը ծառայէ մեզ ճանչցնելու:
ԿԱՐՄԻՐ ԳԼԽԱՐԿ ՊԻՏԻ ԴՆԵ՞ՆՔ ՀԻՆ ԲԱՌԱՐԱՆԻՆ
Հայ գիրքի տարի:
Տարեվերջին պիտի ըսուի՞, թէ շնորհիւ լուսաբանական եւ քարոզչական աշխատանքին` լսուած է հայոց կաթողիկոսին կոչը, եւ հայկական հրատարակչատուներու գրապահեստները դատարկուած են եւ ստիպուած պիտի ըլլան երկրորդ կամ երրորդ տպագրութեան ձեռնարկելու:
Տարեվերջին պիտի ըսուի՞, որ հայ գրական հանդէսներու տպաքանակը գէթ տասով բազմապատկուած է, աւելցած է «պազար»-ի մը կամ մեծ պանդոկի մը շքեղ սրահին մէջ պարահանդէսին ներկայ եղողներու համրանքով:
Այս տարեվերջին ոտքի կանգնած պիտի ըլլա՞ն ազգային խորքին նպաստող մշակութային առաջադրանքները, թէ՞ պիտի շարունակենք յուզուիլ «թամ-թամ»-ով եւ «թամաշա»-ով:
Եւ այդ պարագային վար պէտք է առնել կեղծիքի դիմակները:
Այդ ընելու համար ընդվզող հասարակութիւն պէտք է, որուն ականջները խցուած չըլլան: Խցանները վերցնողներ ըլլան:
Եթէ սկսող տարին պիտի աւարտենք ծնծղաներու աղմուկով եւ աւարտին հաշուեկշիռը ցոյց տայ, որ տեղքայլ ըրած ենք, պէտք է պոռանք` հետեւելով Վիքթոր Հիւկոյի, որ ժամանակն է` կարմիր գլխարկ դնելու հին բառարանին:
Եւ այդպէս բաներու…
Մանաւանդ, տարեվերջին, հայ գիրքը պիտի սկսի՞ լոյս տեսնել առանց մեկենասի:
Եւ մեր տուները կը հասնի առանց նուէր տրուած ըլլալու:
Որպէսզի կարենանք ըսել, որ կը մեծնանք որպէս ազգ:
Պուրճ Համուտ – Նուազի-լը-Կրան

