«ՄԱՆԿԱ ՄԵՍԻԱ» ՊԱՏԿԵՐԱԶԱՐԴ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ԱՌԻԹՈՎ
ՃՈՐՃ ԱՐԱՊԱԹԼԵԱՆ
Գիրք մը կայ, զոր կը կոչենք տիեզերական, որովհետեւ անոր պարունակած արժէքները ընդհանրական են: Գիրք մը կայ, որ կը կրէ Աստուծոյ ներշնչական ինքնատիպ կնիքը: Այդ գիրքը տարբեր լեզուներով կը կոչուի «Սուրբ Գիրք», սակայն մեր եկեղեցւոյ հայրերը զայն անուանած են Աստուածաշունչ: Այդ մէկը կու գայ Աստուծոյ եւ Անոր Գիրքին նկատմամբ մեր իւրայատուկ մօտեցումէն եւ զայն ըմբռնելու մեր սկզբունքներէն:
Դժուար է որոշել, թէ գրական ի՛նչ սեռի կամ ժանրի կը պատկանի Աստուածաշունչը, որովհետեւ իր փոխանցած համամարդկային եւ հոգեւոր արժէքներով ան շատ աւելի վեր է բոլոր գրական երկերէն եւ համաշխարհային գրականութեան գլուխգործոցներէն:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին կողմէ հռչակուած Հայ գիրքի տարուան առթիւ, վերջերս, Քուէյթի Սուրբ Գրոց ընկերակցութեան կողմէ Քուէյթի Ազգային վարժարանի փոքրիկներուն բաշխուեցաւ «Մանկա Մեսիա» պատկերազարդ հատորը, որ կը ներկայացնէ Յիսուս Քրիստոսի տնօրինական կեանքը` հրաշալի ծնունդէն մինչեւ հրաշափառ յարութիւնն ու համբարձումը: Անկասկած, այս նոր հրատարակութիւնը կատարուած է մանուկներուն համար եւ գիրքին պատկերազարդութեան ոճն ու մատչելիութիւնը մանուկներուն համար առաւել գրաւիչ կը դարձնեն Յիսուս Քրիստոսի կեանքն ու գործունէութիւնը, եւ զանոնք աւելի կը մօտեցնեն մեր հաւատքի առաջնորդին, որովհետեւ Աստուածաշունչը օրէնքներու գիրք չէ, այլ` կատարեալ կեանքով ապրելու ուղեցոյց:
Յաճախ Աստուծոյ մեծութիւնն ու խորհրդաւորութիւնը մեր մէջ ստեղծած են քարացած հաւատալիքներ: Աստուծոյ նկատմամբ մեր ունեցած մօտեցումն ու աստուածընկալումի մեր եղանակը յաճախ հիմնուած է վախի եւ աստուածային բարեխնամութիւնն ու Անոր «ամենողորմութիւնն» ու «ամենախնամութիւնը»` վրէժխնդրութեան ու բռնութեան վրայ:
Աստուած սէր է եւ Իր սիրոյ հոգին կը բնակի իւրաքանչիւրիս մէջ: Ան ոչ թէ կը պատժէ մեզ, այլ կը կանխէ մեր սխալները` ցոյց տալով կատարելութեան ուղին: Այս գաղափարն է, որ կը միտի ապացուցել «Մանկա Մեսիա» գիրքը: Անիկա կը սորվեցնէ հաւատալ, որ ի հեճուկս աշխարհի մէջ տիրող անտառային օրէնքին, մնայուն արժէքներ կարելի է ստեղծել համեստութեամբ, խոնարհութեամբ ու հեզութեամբ, որ` թագաւոր ըլլալու համար նախ պէտք է ըլլալ ծառայ, որ` անձը բարձրացնելու համար անհրաժեշտ է նախ խոնարհիլ: Աստուածային խոնարհութեան ամենադիպուկ ակնարկը կ՛արտացոլայ հայ շարականագիրի տողերուն մէջ, ուր Աստուծոյ Որդիին ծնունդը կը նկարագրուի հետեւեալ խօսքերով. «Անբաւելին երկնի եւ երկրի, ի խանձարուրս պատեցաւ»:
Այսօր, դժբախտաբար, միայն մանկական հեքիաթներուն մէջ թաղուած են բարիի յաղթանակին ու չարի պարտութեան պատմութիւնները: Այդ է պատճառը թերեւս, որ մենք` մեծերս, մեծ հաճոյքով երբեմն մեր փոքրիկներուն համար կը կարդանք Թումանեան, Աղայեան կամ Խնկոյեան` անոնց հետ վերապրելով բարիի յաղթանակին քաղցր զգացումները: Այսօր այդ գիրքերուն շարքին աւելցած է «Մանկա Մեսիան», ուր Աստուած իր սիրով, խոնարհութեամբ ու ամենողորմ գթութեամբը կը թակէ մեր հոգիին դռները, որպէսզի ներս մտնելով ու մեզի ուղեկցելով` մեզ տանի դէպի կատարելութիւն ու յաւիտենականութիւն:
Այս առթիւ սրտագին կը շնորհաւորենք «Մանկա Մեսիա» հայերէն թարգմանական աշխատութեան հեղինակ եւ Ս. Գրոց ընկերակցութեան պատասխանատու Հրայր Ճէպէճեանը, որ Քուէյթի Ազգային վարժարան այցելելով` անձամբ աշակերտներուն փոխանցեց իր սեփական աշխատանքով իրականացուած այս գեղատեսիլ հատորը:

