ԼԵՄ-Ի «ՀՐԱՅՐ ԴԺՈԽՔ» ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐԸ

Կիրակի, 22 յունուարին ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Հրայր Դժոխք» մասնաճիւղի վարչութիւնը եւ խումբ մը ընկերներ այցելեցին ՔԱՀԼ-ի ծերանոց Նոր տարուան առիթով: Անոնք փոքր նիւթական օժանդակութիւն տրամադրեցին եւ կարկանդակ ու օշարակ հրամցուցին: Մօտ երկու ժամուան ընթացքին անոնք զրուցեցին ծերերուն հետ եւ մթնոլորտը ճոխացուցին:

Կիրակի, 29 յունուարին` ժամը 10:00-ին ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Հրայր Դժոխք» մասնաճիւղի անդամները իրենց դաշնակցական պարտքը կատարեցին եւ այցելեցին Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատուն: Անոնք մոմ վառեցին Լիզպոնի նահատակ ընկերներու դամբարանին առջեւ, ծաղկեպսակ մը տեղադրեցին եւ «Վէրքելով լի» երգեցին: Ապա անոնք անցան ՀՅԴ նահատակաց պանթէոնին առջեւ եւ «Յառաջ նահատակ»-ով փակեցին իրենց ձեռնարկը:

Share this Article
CATEGORIES