ՆՈՐ ՍԻՍԻ Ս. ՍԱՐԳԻՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՆՈՒԱՆԱԿՈՉՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆ. «ՄԵՐ ԶԱՒԱԿՆԵՐԸ ՄԵԾՑՆԵՆՔ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՈԳԻՈՎ, ՈՐՊԷՍԶԻ ԳԻՏՆԱՆ, ԹԷ Ո՛ՒՐ Է ԻՐԵՆՑ ԳԱՆՁԸ» ՇԵՇՏԵՑ ԳԵՂԱՄ ԱՐՔ. ԽԱՉԵՐԵԱՆ
Նոր Սիսի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին եւ անոր հիմնադրութեան 80-ամեակին առիթով երէկ` կիրակի, 5 փետրուարին, եկեղեցւոյ մէջ պատարագեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան:
Առաջնորդ սրբազանը իր քարոզին իբրեւ բնաբան ունէր Յիսուսի հետեւեալ խօսքը. «Ուր որ է ձեր գանձը` հոն է ձեր սիրտը»: Ան բացատրեց, որ այս նախադասութիւնը քրիստոնեային մտածելակերպն ու գործելակերպը կ՛առաջնորդէ եւ քրիստոնեային համար ուղեցոյց է:
Անդրադառնալով եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին, սրբազանը յայտնեց, որ Նոր Սիսի շրջանի ազգայինները 1932-ին հիմը դրած են Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ: «Հայ եկեղեցին այն վայրն է, որ կը պահէ մեր հաւատքը», շեշտեց Գեղամ արք. Խաչերեան` աւելցնելով, որ «մեր զաւակները պէտք է մեծցնենք հայկական հոգիով, որպէսզի գիտնան, թէ ո՛ւր է իրենց գանձը»:
Շարունակելով իր քարոզը` առաջնորդ սրբազանը նկատել տուաւ, որ հայ ժողովուրդը իր գանձը տեսաւ եկեղեցւոյ մէջ եւ եկեղեցի շինեց, իր գանձը տեսաւ հայ գիրին ու դպրոցին մէջ եւ անոր համար ալ դպրոց շինեց, իր գանձը տեսաւ հայ ընտանիքին մէջ եւ անոր համար ալ հայ ընտանիք կազմեց: «Ասոնք են գանձարանները… մեր ազգին ոսկեղէնները ասոնք են` եկեղեցի, դպրոց, հայ ընտանիք», հաստատեց սրբազանը` շեշտելով, որ հայ դպրոցը պարզ դպրոց չէ, այլ` մեր ազգային գիտակցութեան, հայ ըլլալուն, մշակոյթին գանձարանն է:
Ակնարկելով Ս. Սարգիսին` Գեղամ արք. Խաչերեան ընդգծեց, որ ան հաւատքի մարդ էր, քրիստոնեայ հրամանատար, եւ իր հաւատքին համար նահատակուեցաւ: Եզրափակելով իր խօսքը` սրբազանը կոչ ուղղեց ներկայ հաւատացեալներուն փորձելու ունենալ անձնական քրիստոնէական եւ ազգային գանձ, «որուն համար կ՛արժէ մեր հոգին եւ սիրտը տալ, որովհետեւ այդ գանձը կը պահէ մեզ»:
Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ մատաղօրհնէք:


