ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՅՑ ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԱՍԻՐԱՑ ԵՂԲԱՅՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱՑ. ՓԱՌԱԲԱՆԱԿԱՆ ԵՐԵԿՈՅ ԵՒ ՀՈԳԵՒՈՐ ՊԱՏԳԱՄ` ԱՊԱՇԽԱՐՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

Վաղինակ վրդ. Մելոյեան կը փոխանցէ հոգեւոր պատգամը

Նախաձեռնութեամբ Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցասիրաց եղբայրակցութեան երիտասարդացին, շաբաթ, 4 փետրուար 2012-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, եղբայրակցութեան կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ փառաբանական երեկոյ, որուն բարի գալուստի խօսքը արտասանեց օրուան հանդիսավար Սեպուհ Գարավարդանեան: Այնուհետեւ երիտասարդացի նուագախումբը եւ երգչախումբը մեկնաբանեցին հոգեւոր երգերու փունջ մը:

Օրուան պատգամը փոխանցեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբաններէն Վաղինակ վրդ. Մելոյեան: Ան նախ խօսեցաւ ապաշխարութեան մասին եւ բացատրեց, թէ ի՛նչ կը նշանակէ ապաշխարութիւն, անձ մը ի՛նչ յատկութիւններով կ՛օժտուի ապաշխարելէն ետք եւ ի՛նչ է ապաշխարութեան նպատակը:

Անդրադառնալով մարդ անհատին` Վաղինակ վրդ. Մելոյեան հարց տուաւ, թէ Աստուած ինչո՞ւ ստեղծեց մարդը` աւելցնելով, որ Աստուած մարդը ստեղծեց, որպէսզի վայելէ իր սէրը, պատմէ իր գոհութիւնը, փառաբանէ, պաշտէ եւ օրհնէ զԱստուած: Եզրափակելով իր խօսքը` հայր սուրբը կոչ ուղղեց բարեգործութեամբ ապրելու մեր կեանքը, նաեւ նուիրուելու Աստուծոյ:

Share this Article
CATEGORIES