ՖՐԱՆՍԱ ՊԷՏՔ ՉԷ ԹՈՅԼ ՏԱՅ, ՈՐ ԹՈՒՐՔԻԱ ՄԻՋԱՄՏԷ ԻՐ ՆԵՐՔԻՆ ԳՈՐԾԵՐՈՒՆ

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Գրեթէ մէկ դար Թուրքիոյ ղեկավարները փորձած են թաքցնել Հայոց ցեղասպանութեան հրէշաւոր յանցանքը` քողարկելով այն, ինչ որ իրականութեան մէջ կատարուած էր սուրիական անապատի մահուան դաշտերուն մէջ, Օսմանեան կայսրութեան օրօք: Թուրքիոյ հզօր պետութիւնը իր զգալի ֆինանսական եւ դիւանագիտական աղբիւրները ուղղած է Ցեղասպանութեան ժխտման այդ ստոր գործին:

Թուրքիոյ ղեկավարները կարծէք չեն գիտակցիր, թէ ժխտելով ու ստելով, ինչպէս նաեւ իրենց անմեղութեան մասին սին յայտարարութիւններ ընելով` իրականութեան մէջ կ՛օգնեն տարածելու իրենց անարգ արարքը համաշխարհային թերահաւատ լսարանին առջեւ:

Աւելի՛ն. թէեւ այսօրուան թուրք պաշտօնատարները 1915 թուականի Ցեղասպանութիւնը իրագործողները չեն, այնուամենայնիւ, անոնք յիմարաբար իրենք զիրենք կը կապեն իրենց յանցագործ նախնիներուն հետ եւ այդ մասին ստելով ու ապացոյցները թաքցնելով` կը դառնան յանցագործութեան մեղսակիցներ:

Իւրաքանչիւր անցնող օրուան հետ Թուրքիոյ ղեկավարութիւնը ա՛լ աւելի կը խրի ի՛ր իսկ սարքած ճահիճին մէջ: Եկէ՛ք` աւելի մօտիկ հայեացք նետենք Թուրքիոյ ստոր վարքագիծին` Ֆրանսայի կառավարութեան կողմէ որոշումներ կայացնելու գործընթացին մէջ:

Աւելի քան տասը տարի առաջ, երբ Ֆրանսայի օրէնսդիր մարմինը կ՛ընդունէր Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող օրէնքը, Թուրքիոյ կառավարութիւնը, հակառակ իրեն բնորոշ բոլոր հնարքներուն, չյաջողեցաւ խանգարել այդ գործընթացը: Խորհրդարանին ու ծերակոյտին կողմէ Ցեղասպանութիւնը ճանչնալէ ետք, նախագահ Ժաք Շիրաք եւ վարչապետ Լիոնել Ժոսփեն 2001-ի յունուար 29-ին ստորագրեցին հետեւեալ օրէնքը. «Ֆրանսա հրապարակայնօրէն կը ճանչնայ 1915 թուականին իրագործուած Հայոց ցեղասպանութիւնը»:

Թէեւ 2001-ի օրէնքին մէջ ոչ մէկ նշում կար Թուրքիոյ կամ Օսմանեան կայսրութեան մասին` որպէս Ցեղասպանութեան յանցագործ, թուրք պաշտօնատարները իրենց անմեղութեան մասին ուռճացած յայտարարութիւններ կատարելով` բացայայտեցին իրենց «Գող` սիրտը դող» մտայնութիւնը, այդպիսով ներկայանալով իբրեւ մեղսագործ հրէշագործ յանցագործութեան:

Թուրք պետութիւնը անգամ մը եւս միջամուխ եղաւ Ֆրանսայի ներքին գործերուն 2006 թուականին, երբ Փարիզի մէջ օրէնսդիրները փորձեցին պատիժ նախատեսել 2001-ին ընդունուած օրէնքը խախտողներուն համար` կիրարկելով նոյն պատիժը, զոր կը գործէ Ողջակիզումը (Հոլոքոսթը) մերժողներու պարագային: Ցաւօք, Ֆրանսայի կառավարութիւնը տեղի տուաւ թրքական սպառնալիքներուն դիմաց եւ կանխարգիլեց այդ օրինագիծը, մինչեւ որ ծերակոյտը ի վերջոյ հաստատեց զայն 2012-ի յունուար 23-ին:

Այժմ ֆրանսական հասարակութիւնը կանգնած է օտար պետութեան մը կողմէ իր ներքին գործերուն միջամուխ ըլլալու մէկ նոր ակներեւ փորձի մը առաջ: Թուրքիոյ Առեւտուրի գրասենեակներու եւ սակարաններու միութիւնը անցած շաբաթ վարձեց ֆրանսական լոպիիստական ընկերութիւն մը, որ ճնշում գործադրէ օրէնսդիրներու վրայ, որպէսզի վերջիններս վիճարկեն ֆրանսական օրէնսդրութեամբ ճանչցուած ցեղասպանութիւններուն` Ողջակիզման եւ Հայոց ցեղասպանութեան հերքումը քրէականացնող օրէնքը: Ուրեմն, այսքա՛ն է թրքական սպառնալիքը ֆրանսական ընկերութիւնները պոյքոթի ենթարկելու համար…

Նախագահ Սարքոզի 15 օր առիթ ունէր` սկսած յունուար 23-էն, որ հաստատէր նոր օրէնքը, եթէ Ֆրանսայի խորհրդարանի եւ ծերակոյտի 60 կամ աւելի անդամներ դէմ չկանգնէին` դիմելով Սահմանադրական խորհուրդ, նշեալ օրէնքի սահմանադրականութեան մասին որոշում կայացնելու հայցով: Թուրքիոյ դեսպանը, խախտելով օտարերկրեայ դիւանագէտի մը` Ֆրանսայի ներքին հարցերուն միջամուխ չըլլալու լիազօրութիւնը, նաեւ ճնշում գործադրելով եւ «վարձատրութիւններ» բաշխելով` զբաղեցաւ անհրաժեշտ 60 ստորագրութիւնները ապահովելու գործով:

Թուրքիոյ կառավարութիւնը կրնայ լուրջ սխալ մը արտօնել` ենթադրելով, որ խորհուրդը անպայմանօրէն նոր օրէնքը հակասահմանադրական պիտի ճանչնայ: Թուրք պաշտօնատարները կրնան վնաս հասցնել իրենց սեփական շահերուն, եթէ խորհուրդը սահմանադրական ճանչնայ օրէնքը` այդպիսով կանխարգիլելով հետագայ իրաւական վիճարկումները թուրք ժխտողներու կողմէ, որոնք պիտի ձերբակալուին Հայոց ցեղասպանութիւնը ժխտելու համար, երբ օրէնքը ուժի մէջ մտնէ:

Վերջին օրերուն Թուրքիոյ ղեկավարները չափազանց զաւեշտալի յայտարարութիւններ կատարեցին նոր օրէնքին վերաբերեալ: Վարչապետ Էրտողան մեղադրեց Ֆրանսան «ֆաշականութեան հետքերով ընթանալ»-ուն համար: Ինչպէ՞ս պետութեան մը ղեկավարը, որ մարդու իրաւունքներու ամենամեծ ոտնահարողն է, կրնայ համարձակիլ մեղադրել Ֆրանսան ֆաշականութեամբ: Նախագահ Կիւլ միացաւ այդ ամբաստանութիւններուն` մեղադրելով Ֆրանսան «խօսքի ազատութիւնը սահմանափակելուն համար»: Արդեօ՞ք Թուրքիոյ նախագահը երբեւէ այցելած է իր երկրին բանտերը, ուր տասնեակ լրագրողներ ամիսներ շարունակ կը պահուին առանց դատավարութեան` պարզապէս կառավարութիւնը քննադատող որեւէ հասարակ յօդուած մը գրելնուն համար: Արդեօ՞ք ան կարդացած է Թուրքիոյ Քրէական օրէնսգիրքի 301-րդ յօդուածը` թրքութիւնը վիրաւորելու մասին, որ կ՛արգիլէ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ որեւէ հրապարակային յայտարարութիւն: Արտաքին գործոց նախարար Տաւութօղլու կրնայ իրաւացի ըլլալ, երբ կը բողոքէ, թէ ֆրանսական օրէնքը կը փորձէ «նացիականացնել Թուրքիան», սակայն այդ մէկը կը կատարուի ո՛չ թէ Ֆրանսայի, այլ ի՛ր սեփական կառավարութեան կողմէ, որ կը շարունակէ ինքզինք մասնակից դարձնել փլուզուած Օսմանեան կայսրութեան յանցագործութիւններուն:

Այնուամենայնիւ, ամէնէն ծիծաղելի յայտարարութիւնը ըրած է Եւրոպական Միութեան հարցերով Թուրքիոյ նախարար Էկեմեն Պաղըշ` Զուիցերիա կատարած իր վերջին այցին ընթացքին: Ան յորդորած է Զուիցերիոյ իշխանութիւնները ձերբակալել զինք, որովհետեւ Զուիցերիան, Ֆրանսայի նման, ունի Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրէնք: Նախարար Պաղըշ, դժբախտաբար, չի կրնար ձերբակալուիլ կամ դատական կարգով հետապնդուիլ` իր դիւանագիտական անձեռնմխելիութեան շնորհիւ: Այնուամենայնիւ, ան պէտք է արտաքսուէր Զուիցերիայէն` իբրեւ  անբաղձալի անձ:

 

Share this Article
CATEGORIES