ՑՈՒՐՏԻ ԱԼԻՔ ՄԸ ԿԸ ՀԱՐՈՒԱԾԷ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԵՒ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ԵՒՐՈՊԱՆ
Ցուրտի ալիք մը հարուածեց կեդրոնական ու արեւելեան Եւրոպան եւ խլեց հարիւրաւոր զոհեր: Ցուրտի ալիքը պատճառ դարձաւ, որ Լոնտոնի «Հիթրօ» օդակայանը երէկ երեք թռիչքներ ջնջէ:
Ուքրանիա կը թուի ցուրտի ալիքէն ամէնէն շատ վնասուող երկիրը ըլլալ: Անցեալ շաբթուընէ ի վեր երկիրը հարուածող ցուրտի ալիքը 122 զոհ խլեց: Ցուրտը հարուածեց նաեւ Լեհաստանը, Ռումանիան, Սերպիան, Պոսնիան եւ Պիելոռուսիան:
Սերպական կառավարութիւնը երկրին հարաւը եւ արեւելքը գտնուող 19 շրջաններու մէջ արտակարգ կացութիւն յայտարարեց` նկատի ունենալով, որ այդտեղ 6 զոհ արձանագրուած է: Լեհաստանի մէջ զոհերուն թիւը 29 է:
Իտալիոյ իշխանութիւնները մայրաքաղաք Հռոմի մէջ յայտարարեցին արտակարգ դրութիւն. Հռոմ 1985-էն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով առատ ձիւնով ծածկուեցաւ եւ ջերմաստիճանը զերոյէն վար իջաւ: Հռոմի հռոմէական կրկէսին մէջ իտալացիներ եւ զբօսաշրջիկներ ձիւնագնդակներով իրարու դէմ «մենամարտեցան»:
Պոսնիոյ մայրաքաղաք Սարայեւոյի մօտ ինքնաշարժներ ձիւնին մէջ բանտարկուեցան, իսկ անոնց օժանդակութեան մեկնած մեքենաները իրենց կարգին ձիւնով շրջափակուեցան:
«Սի.Էն.Էն.»-ի մէջ օդերեւոյթի մասնագէտ Մարի Ռոմանոսի նախատեսութեամբ, սուր ցուրտի ալիքը, որ Ռումանիոյ մէջ 26 յունուարէն ի վեր կը յամենայ, կրնայ երկարատեւ ըլլալ եւ տակաւին առատ ձիւն տեղալ:


