«ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄԸ Կ՛ԱՐԱԳԱՆԱՅ» Կ՛ԸՍԷ ՕՊԱՄԱ
Ռուսական ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա յայտարարած է, որ 2008-ի ճգնաժամէն ետք Միացեալ Նահանգներու տնտեսութեան վերականգնումը կ՛արագանայ, որուն ապացոյցը Ամերիկայի մէջ գործազրկութեան մակարդակի նուազումն է:
Օպամա մեկնաբանած է Միացեալ Նահանգներու աշխատանքի նախարարութեան նոր տուեալները, ըստ որոնց, յունուարին գործազրկութեան մակարդակը նախորդ ամսուան համեմատ 0.2 առ հարիւրով նուազելով կազմած է 8.3 առ հարիւր:
Միացեալ Նահանգներու աշխատանքի նախարարութեան տուեալներով` յունուարին երկրին մէջ 43 հազար նոր աշխատատեղեր ստեղծուած են:
Այդ առնչութեամբ Միացեալ Նահանգներու քոնկրեսին կոչ ուղղուած է ընթացիկ ամբողջ տարին պահպանելու 160 միլիոն աշխատող ամերիկացիներու հարկային արտօնութիւնները եւ երկարաձգելու գործազրկութեան նպաստներու տրամադրման ժամկէտը:
Ըստ 2011-ի դեկտեմբերին գոյացած համաձայնութեան, տնտեսութեան խթանման միջոցառումները պէտք է շարունակուէին երկու ամիս եւ աւարտէին փետրուարին:
«Ես կ՛ուզեմ քոնկրեսին յստակ ազդակ հաղորդել, մի՛ դանդաղեցնէք վերականգնման կշռոյթները, որոնց մենք հասած ենք», ըսած է Օպամա:

