ՌՈՒՍԱԿԱՆ ԴԵՍՊԱՆԱՏԱՆ ԱՌՋԵՒ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՈՒ ԴԱՏԱՊԱՐՏՈՒՄԻ ՑՈՅՑԵՐ
Սուրիոյ տագնապին գծով Ապահովութեան խորհուրդին նիստին ընթացքին Մոսկուայի օգտագործած վեթոյին լոյսին տակ երէկ Պէյրութի ռուսական դեսպանատան դիմաց տեղի ունեցան երկու ցոյցեր, որոնցմէ առաջինը կը զօրակցէր ռուսական կեցուածքին, իսկ երկրորդը կը դատապարտէր Սուրիոյ ի նպաստ ռուսական կեցուածքները:
Առաջին ցոյցին ընթացքին Ռուսիոյ եւ Չինաստանի շնորհակալական խօսքեր ուղղուեցան` իրենց կեցուածքին համար, իսկ Ժամաա իսլամիէի հրաւէրով տեղի ունեցած երկրորդ ցոյցին ընթացքին ցուցարարները դատապարտեցին Ռուսիոյ եւ Չինաստանի կեցուածքը:
Վերոնշեալ երկու ցոյցերուն ընթացքին լիբանանեան բանակը իր հրասայլերով բաժնեց երկու կողմի ցուցարարները` պահպանելու համար իւրաքանչիւր կողմին անվտանգութիւնը եւ կանխարգիլելու համար որեւէ բախում կամ ճակատում:
Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասպիքին լիբանանեան լրատուամիջոցներուն իր կատարած յայտարարութեան մէջ յայտնեց, որ ռուսական իշխանութիւնները առաջին իսկ օրէն խորհրդակցած են սուրիական ընդդիմութեան հետ եւ անկէ խնդրած, որ հրաժարի զինեալ երեւոյթներէն, ինչպէս նաեւ սուրիական իշխանութիւններուն հետ առանց նախապայմանի երկխօսութիւն կատարէ:
Զասպիքին շեշտեց, որ Մոսկուա ոչ միայն կը պաշտպանէ սուրիացիները, այլեւ` միջազգային օրինականութիւնն ու շրջանային եւ միջազգային յարաբերութիւններուն ապագան:

