ՈՒԱՀԱՊԻ ՇՐՋԱՊՏՈՅՏԸ ՏԻՒՐԶԻ ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆՆԵՐՈՒՆ

Թաուհիտ հոսանքի նախագահ Ուիամ Ուահապ երէկ այցելեց տիւրզի համայնքի հոգեւորականներուն, որոնց փոխանցեց Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի շնորհակալական խօսքերն ու անոնց որդեգրած կեցուածքներուն նկատմամբ Ասատի երախտագիտութիւնը:

Ուահապ նախագահ Ասատի կողմէ տիւրզի հոգեւորականներուն փոխանցեց, թէ Սուրիոյ տիւրզի համայնքը ողջ առողջ է` աւելցնելով, որ սուրիական բանակը պատրաստ է պաշտպանելու Սուրիոյ բնակչութիւնը: Ան ընդգծեց, որ նախագահ Ասատ յանձնառու է, որ ոչ մէկ սուրիացի քաղաքացի իր սուրիացի եղբօր դէմ զինուի:

Ուահապ շեշտեց, որ Լեռնալիբանանի մէջ ապահովական կայունութիւնն ու խաղաղութիւնը պիտի պահպանուին` զգուշացնելով Սուրիոյ կացութիւնը լիբանանեան առումով օգտագործելու փորձերէն:

 

 

Share this Article
CATEGORIES