ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ
ՄՈՀԱՄԵՏ մարգարէի ծննդեան տօնին առիթով, հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանի շնորհաւորական հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ստացաւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանէն, վարչապետ Նեժիպ Միքաթիէն մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքէն եւ մեծ թիւով երեսփոխաններէ:
ՎԱՐՉԱՊԵՏ Նեժիպ Միքաթի շեշտեց, որ ինք կառավարութիւնը նիստի պիտի չհրաւիրէ, մինչեւ որ կարելի ըլլայ որոշ համաձայնութիւն մը գոյացնել: Միւս կողմէ, «Նահար» օրաթերթին կատարած իր յայտարարութիւններուն մէջ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի յայտնեց, որ կառավարութեան տագնապը լուծելու առումով ոչ մէկ հաղորդակցութիւն կայ` նշելով, որ իր պայմանն է կառավարութեան աշխատանքը արդիւնաւէտ դարձնել:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա եւ երեսփոխաններ Պահիա Հարիրի եւ Հատի Հըպէյշ անձնական օդանաւով մը ուղղուեցան Փարիզ:
ՆԱԽ Լիբանան երեսփոխանական համախմբումի անդամ երեսփոխան Խալետ Տահեր անհրաժեշտ նկատեց, որ լիբանանեան բանակը պաշտպանէ Լիբանան-Սուրիա սահմանները եւ չընդառաջէ սուրիական վարչակարգին պահանջներուն:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակը Աքրումի մէջ կը հետապնդէ խմբակ մը, որ զէնքի մաքսանենգում կը կատարէ:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ յայտնեց, որ Հըզպալլա կը զօրակցի ընտրական այնպիսի օրէնքի մը, որ լիբանանցիներուն գոհունակութիւն կը պարգեւէ եւ անոնց շահերը կը ներկայացնէ:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մույին Մերեհպի պահանջեց, որ լիբանանեան բանակը տեղակայուի հիւսիսային Լիբանանի սահմանամերձ շրջանին մէջ:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանի հրաժարեալ ընդհանուր դատախազ Տանիէլ Պելմար Լիբանան այցելութեան ընթացքին գաղտնի հանդիպում մը ունեցած է նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի հետ եւ անոր յայտնած, որ ինք մինչեւ փետրուարի աւարտը նոր ամբաստանութիւն մը պիտի արձակէ նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան եւ նախարար Էլիաս Մըրի ու երեսփոխան Մարուան Համատէի դէմ գործուած մահափորձերուն վերաբերեալ:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Սաատ Հարիրիի արտաքին հարցերու խորհրդական, նախկին նախարար Մոհամետ Շաթահ Ուաշինկթընի մէջ հանդիպումներ ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Մերձաւոր Արեւելքի հարցերու օգնական Ճեֆրի Ֆելթմանի եւ Ապահովութեան խորհուրդի Միջին Արեւելքի հարցերու գրասենեակի տնօրէն Սթիվ Սիմոնի հետ:
ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ռայ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Հըզպալլայի մօտիկ աղբիւրներէն, յայտնեց, որ իրենք պիտի չարտօնեն Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի վարչակարգին տապալումը, որքան ալ սուղ արժէ Իսրայէլի հետ Լիբանանի տագնապը:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ յայտնեց, որ իրենք համոզուած են, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի կեցուածքը հակասահմանադրական է:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Աթեֆ Մաժտալանի շեշտեց, որ ներկայիս լիբանանցիները կը վկայեն կառավարական թատրոն մը եւ ոչ թէ իշխանութեան իսկական տագնապ մը:
ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆ միջոցներու նախարար Նիքոլա Սահնաուի շեշտեց, որ իրենք պիտի չընդունին պետական պաշտօնեաներուն նշանակումը, եթէ այդ իմաստով իրենք հիմնական խօսք չունենան:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախկին փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի յայտնեց, որ սահմանադրական առումով հանրապետութեան նախագահը իրաւունք չունի պետական նշանակումներուն մասնակից դառնալու` աւելցնելով, որ երկրին սահմանադրութեան յարգումը հանրապետութեան նախագահին պարտականութիւնն է:
«ՍԱՖԻՐ» օրաթերթին համաձայն, մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը եւ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ ամէն ջանք ի գործ կը դնեն Պաապտայի եւ Ռապիէի մէջ յարաբերութիւնները բարելաւելու:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հասան Ֆատլալլա շեշտեց, որ Հըզպալլա քանի մը օրէն պիտի նախաձեռնէ հաղորդակցութիւններու շարքի մը, որպէսզի կարելի ըլլայ կառավարութեան աշխատանքը դարձեալ հունի մէջ դնել:
ՊԵՏԱԿԱՆ պատկերասփիւռի կայանին պաշտօնեաները շեշտեցին, որ եթէ այսօր անոնք չստանան իրենց աշխատավարձերը, ապա պիտի դիմեն գործադուլի, նստացոյցի եւ մագլցողական քայլերու:

