ԼՕԽ-Ի ԱՌՕՐԵԱՅԷՆ

«ԿԱՐԻՆԷ» ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ

Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ¬ի Շրջանային վարչութեան, կազմակերպութեամբ ԼՕԽ¬ի «Կարինէ» մասնաճիւղի վարչութեան, Ամանոսի Ս. Թեհլիրեան ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ մը, որուն հասոյթը պիտի տրամադրուի ՀՕՄ¬ի 100-ամեակի հիմնադրամին:

Մասնաճիւղի ատենապետ Ալին Արոյեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ շնորհակալութիւն յայտնեց ՀՕՄ¬ի մեծ ընտանիքին, անոր անդամներուն, ԼՕԽ¬ին, որոնք կը հաւատան «ժողովուրդէն ժողովուրդին» կարգախօսին եւ կ՛աշխատին հոգիով, կը շարունակեն սուրբ գործը` հասնելով կարիքաւորին, հիւանդին, ծերունիին եւ ուսանողին:

Ան աւելցուց, որ ՀՕՄ¬ը 100 տարի, իսկ ԼՕԽ¬ը 80 տարի գոյատեւելով` կը մնան հայութեան գորովագութ մայրերը, որոնք նաեւ միշտ կարիք ունին կամաւոր գործին հաւատացող եւ ծառայութեան ոգիով տոգորուած անդամներու:

Ապա ներկաներուն Մեծ պահքի մասին տեղեկութիւններ փոխանցեց Սարգիս քհնյ. Սարգիսեան. ան թելադրեց, որ իւրաքանչիւր անձ այս շրջանին ինքն իր կենցաղին յաւելեալ ուշադրութիւն դարձնէ, պահէ պահքի աւանդութիւնները, որոնք թանկագին արժէքներ են մեզի համար` որպէս քրիստոնեաներու: Ան նշեց, որ բոլորիս պարտականութիւնն է այս արժանիքները փոխանցել սերունդէ սերունդ: «Պէտք է զօրացնենք մեր կամքն ու հաւատքը, նաեւ Աստուծոյ հետ մեր կապը պէտք է ամրապնդենք մեր աղօթքներով»: Ապա քահանայ հայրը պատասխանեց ներկաներուն հարցումներուն:

«ՀԱՅԱՇԷՆ» ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ

ԼՕԽ¬ի «Հայաշէն» մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպութեամբ, Հայաշէնի Ժողովրդային տան «Սեդրակ Աճեմեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ընկերային հանդիպում մը:

Ձեռնարկը կը զուգադիպէր Տեառնընդառաջի եւ Ս. Սարգիսի տօներու շաբթուան: Այդ առիթով հրաւիրուած էր շրջանի Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ քահանան` Յովհաննէս Պոյաճեան:

Բացման խօսքը արտասանեց վարչութեան ատենապետ Զարուհի Գալեմքերեան, որ բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ անդրադարձաւ Հայաշէնի մէջ ընկերային, առողջապահական եւ կրթական կարիքներուն որոշ գոհացում տալու նպատակով վարչութեան կատարած աշխատանքին ու բերած ներդրումին: Ան յատուկ կերպով շնորհակալութիւն յայտնեց ամերիկաբնակ նախկին հայաշէնցիներուն, որոնք զանազան առիթներով կ՛օժանդակեն մասնաճիւղին:

Ապա խօսք առաւ Յովհաննէս քհնյ. Պոյաճեան, որ անդրադարձաւ զոյգ տօներուն եւ անոնց առնչուած աւանդութիւններուն: Ան դիտել տուաւ, որ Տեառնընդառաջին կրակ վառելու աւանդութիւնը կը խորհրդանշէ, որ Քրիստոս լոյս աշխարհ տրուեցաւ մեզի, իսկ հեթանոսական իմաստով անիկա շնորհակալութեան դրսեւորում է չաստուածներուն: Ան ներկայացուց նաեւ իր հաւատքին համար նահատակուած Ս. Սարգիսի կապուած աւանդութիւններ, որոնց կարգին` ծոմապահութիւնը, հարսնացու աղջիկներուն կողմէ տան անկիւնը ալիւր զետեղելը` այն յոյսով, որ Ս. Սարգիսի ձիուն պայտի դրոշմը պիտի գտնեն հոն:

Աւարտին քահանայ հայրը ներկաներուն թելադրեց կառչած մնալ հայկական ու քրիստոնէական աւանդութիւններուն եւ զանոնք փոխանցել սերունդէ սերունդ:

Ներկաները հիւրասիրուեցան ԼՕԽ¬ի խոհանոցին կողմէ պատրաստուած համեղ ճաշով եւ Ս. Սարգիսի հրուշակով: Անոնք նաեւ ստացան թերթիկներ, ուր նշուած էին Տեառնընդառաջի եւ Ս. Սարգիսի աւանդութիւնները:

Վիճակաձգութենէն ետք տեղի ունեցան նուիրատուութիւններ:

«ԱՐԱԳԱԾ» ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ

ԼՕԽ¬ի «Արագած» մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպած ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց Սիլվա Շիրինեան, որ բարի գալուստ մաղթեց բոլորին` մաղթելով հաճելի ժամեր:

Ան յայտնեց, որ ձեռնարկին նպատակն էր օժանդակութիւն տրամադրել շրջանի կարիքաւոր սաներուն, ինչպէս նաեւ` ընկերային դժուարութիւններ ունեցող ընտանիքներուն: Այս առիթով ան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք օգտակար դարձան ձեռնարկի յաջողութեան:

Ապա օրուան պատգամը փոխանցեց Թորգոմ վրդ. Տոնոյեան, որ խօսեցաւ պահեցողութեան մասին` դիտել տալով, որ անիկա առիթ է աւելի եւս մօտենալու Աստուծոյ: Վարդապետը շեշտեց, որ պահեցողութեան կողքին շատ կարեւոր է աղօթքը, որպէսզի Աստուծոյ ներկայութիւնը զգանք մեր հոգիներուն մէջ:

Ձեռնարկին ընթացքին հոգեւոր երգեր ներկայացուց Անայիս Կետիկեան¬Նենեճեան: Յայտագիրը ճոխացուց Ճօ Աթաքեան: Տեղի ունեցան սրտաբուխ նուիրատուութիւններ:

Share this Article
CATEGORIES