Գ. ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ «ԹՌԻՉՔ» ՊԱՇՏՕՆԱԹԵՐԹԻ ԱՆԴԱՄՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ «ԱԶԴԱԿ»

Հինգշաբթի, 24 մարտ 2011-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, «Ազդակ» օրաթերթի խմբագրատուն այցելեցին հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի Գ. Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանի պաշտօնաթերթ «Թռիչք»ի խմբագրական կազմին անդամները` ընկերակցութեամբ խորհրդատու ուսուցիչ Րաֆֆի Տեմիրճեանին:

Անդամները հանդիպեցան «Ազդակ»ի խմբագիրներէն Արշօ Պալեանին հետ, որ ներկայացուց «Ազդակ»ի պատմութիւնն ու իրագործումները: Պալեան նշեց, թէ «Ազդակ» օրաթերթին էջերը բաց են բոլոր գրողներուն առջեւ, որոնք ըսելիք ունին: Ապա ան խօսեցաւ օրաթերթի պատրաստութեան աշխատանքներու բնոյթին ու հանգրուաններուն մասին: Խօսելով «Թռիչք»ին մասին, Արշօ Պալեան կոչ ուղղեց խմբագրական կազմի անդամներուն` շարունակելու իրենց աշխատանքը, քանի որ աշակերտական թերթերը գաղութի թերթերուն մարդուժ մատակարարող կարեւոր կռուաններ են:

Պալեանի զեկուցումէն ետք, աշակերտները իրենց հարցումներուն ընդմէջէն ստացան յաւելեալ լուսաբանութիւններ: Այցելութեան աւարտին «Թռիչք»ի խմբագրական կազմի անդամները նաեւ շրջագայեցան «Ազդակ»ի տպարանին մէջ ու ծանօթացան տպագրական գործիքներուն:

Share this Article
CATEGORIES