ԷՆ. ՊԻ. ԷՅ.- ՔԱՒԱԼԻՐԶ ՅԱՂԹԵՑ ՀԻԹԻ ԵՒ ՃԷՅՄԶԻ
Երէկ, Էն. Պի. Էյ.ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան գծով տեղի ունեցած չորս ճակատումներուն ընթացքին, իր կրած յաջորդական 26 պարտութիւններուն պատճառով Էն. Պի. Էյ.ի մրցանիշ հաստատած Քլիվլենտ Քաւալիրզ 102-90 արդիւնքով յաղթեց Մայեմի Հիթի եւ անոր ընդմէջէն իր նախկին մարզիկին` Լեպրըն Ճէյմսի, որ այս մրցումին նշանակեց 27 կէտ:
Հակառակ իր կրած այս պարտութեան, Հիթ ապահոված է փլէյ-օֆ-ի մրցումներուն իր տոմսը, մինչ Քաւալիրզ արդէն իսկ դուրս մնացած է, որովհետեւ կը գրաւէ Արեւելեան շրջանի վերջին դիրքը:
Նշենք, որ Մայեմի Հիթէն բացի փլէյ-օֆի մրցումներուն իրենց տոմսերը ապահոված են նաեւ Շիքակօ Պուլզ, Պոսթըն Սելթիքս, Օրլանտօ Մեճիք, Աթլանթա Հոքս (Արեւելեան շրջան), Սան Անթոնիօ Սփըրզ, Լոս Անճելըս Լէյքըրզ, Տալաս Մավըրիքս եւ Օքլահոմա Սիթի (Արեւմտեան շրջան):
Վերադառնալով երէկուան մրցումներուն` Օքլահոմա Սիթի երկարաձգման ընթացքին միայն յաջողեցաւ յաղթել Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզի, այդ ալ կէտի մը տարբերութեամբ` 115-114 արդիւնքով: Յաղթական կազմին մարզիկներէն Քեւին Տիւրընթ նշանակեց 39 կէտ, մինչ Սթեֆըն Քարի (Ուորիըրզ)` 35 կէտ:
Հիուսթըն Ռոքեթց 112-87 արդիւնքով յաղթեց Նիւ Ճըրզի Նեթցի, իսկ Սաքրամենթօ Քինկզ` Ֆէոնիքս Սանզի (116-113):
Ստորեւ կու տանք այսօր տեղի ունենալիք մրցումներուն յայտագիրը.
Աթլանթա Հոքս – Օրլանտօ Մեճիք
Ինտիանա Փէյսըրզ – Տիթրոյիթ Փիսթընզ
Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ – Հիուսթըն Ռոքեթց
Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ – Մայեմի Հիթ
Թորոնթօ Ռեփթըրզ – Միլուոքի Պաքս
Շարլոթ Հոռնեթց – Քլիվլենտ Քաւալիրզ
Նիւ Եորք Նիքս – Նիւ Ճըրզի Նեթց
Նիւ Օրլինզ – Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ
Մինեսոթա Վուլվզ – Շիքակօ Պուլզ
Մեմֆիս Կրիզլիզ – Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ
Տենվըր Նակեթց – Սաքրամենթօ Քինկզ
Ֆէոնիքս Սանզ – Օքլահոմա Սիթի
Լոս Անճելըս Քլիփըրզ – Տալաս Մավըրիքս