ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՓԻՆԿ ՓՈՆԿԻ ՖԵՏԵՐԱՍԻՈՆԻ ԺՈՂՈՎ
Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնի իր գումարած շաբաթական հերթական ժողովին տուաւ կարգ մը որոշումներ, որոնցմէ կարեւորագոյնները հետեւեալներն են.
Կազմուեցաւ Լիբանանի պատուիրակութիւնը, որ յառաջիկայ 8-15 մայիսին իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Ռոթերտամի մէջ (Հոլանտա) տեղի ունենալիք աշխարհի ախոյեանութեան:
Պատուիրակութեան մաս կը կազմեն Սելիմ Հաժ Նիքոլա (նախագահ), Ուաէլ Նուրէտտին (պատասխանատու), Միշել Ռըզքալլա (մարզիչ) եւ Միշել Տը Շատարեւեան (Ասիոյ փինկ փոնկի ֆետերասիոնի անդամ):
Իսկ մարզիկներն են`
Տղաք. Ռաշիտ Պըպպօ, Ժոզեֆ Շալհուպ, Աւօ Մունջողլեան եւ Մոհամետ Հապաշ:
Աղջիկներ. Ռիթա Պըսէյպես, Լարա Քեչեպաշեան եւ Դուին Մունջողլեան:
Ֆետերասիոնը լիբանանեան ակումբներուն յիշեցուց, որ Լիբանանի կրտսերներու ախոյեանութեան մասնակցելու համար արձանագրութեան վերջին պայմանաժամն է 1 ապրիլ 2011-ը:
Անդրանիկ Անթիլիաս ֆետերասիոնէն զգուշացում մը ստացաւ` նկատի ունենալով, որ անիկա իր կազմը չէր ամբողջացուցած եւ Լիբանանի Բ. դասակարգի տղոց խմբային ախոյեանութեան Բ. հանգրուանին գծով տեղի ունեցած բոլոր մրցումներուն չէր մասնակցած:
Վերջապէս, ֆետերասիոնը շնորհաւորեց Նատուա Քամաթիէն, որ շաբաթասկիզբին բարձրացաւ Ա. դասակարգ (տղաք):