ԴԱՀՈՒԿԱՐՇԱՒ. ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆ- ՍԱՐԱ ԷՔՄԵՔՃԵԱՆ ՀԱՆԴԻՍԱՑԱՒ ԱԽՈՅԵԱՆ

Նախորդ շաբաթավերջին, երկու օրուան տեւողութան վրայ Այուն Սիմանի մէջ (Քֆարզեպիան) տեղի ունեցան Լիբանանի դահուկարշաւի ախոյեանութեան մրցումները, որոնք 2010-2011 տարեշրջանի վերջին հանգրուանի մրցումներն են:

Աղջկանց ախոյեան հանդիսացաւ Սարա Էքմեքճեան (Ասուատ Ֆարայա), որ արձանագրեց 1 վայրկեան 46″ 49 արդիւնք մը: Անոր ետին երկրորդ դիրքը գրաւեց Լիա Նասսար (Ֆարայա Մըզար, 1′ 46″ 86):

Տղոց ախոյեան հանդիսացաւ Սիլվիօ Շիհա (Ֆաքրա, 1′ 38″ 62), իսկ երկրորդ դիրքը գրաւեց Թարեք Ֆինիանոս (Ֆարայա Մըզար, 1′ 38″ 97):

Նշենք, որ այս ախոյեանութեան իրաւարարներուն կարգին էր Սագօ Դարբինեան, որ միշտ ալ նկատի կ՛առնուի թէ՛ տեղական եւ թէ՛ միջազգային առումով տեղի ունեցող միջազգային մրցաշարքերուն ընթացքին:

Մրցանակաբաշխութեան ընթացքին Լիբանանի դահուկարշաւի ֆետերասիոնը շնորհակալութեան իր խօսքը ուղղեց բոլոր անոնց, որոնք այս տարեշրջանին իրենց ցուցաբերած օժանդակութեամբ նպաստեցին իրեն, որ յաջող տարեշրջան մը բոլորէ:

Share this Article
CATEGORIES