ՀՅԴ ՊԻՏԻ ՊԱՇՏՊԱՆԷ ԼՐԱԳՐՈՂ ՀԱՅԿ ԳԷՈՐԳԵԱՆԻ ԽԱՓԱՆՄԱՆ ՄԻՋՈՑԸ ՓՈԽԵԼՈՒ ՄԻՋՆՈՐԴՈՒԹԻՒՆԸ

Լրագրող Հայկ Գէորգեան

ՀՅԴ խորհրդարանական խմբակցութիւնը պիտի պաշտպանէ «Հայկական Ժամանակ» օրաթերթի լրագրող Հայկ Գէորգեանի խափանման միջոց ընտրուած կալանքը փոխելու մասին միջնորդութիւնը:

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը «Երկիր»-ին կը տեղեկացնէ, որ այսօր սկսող Ազգային ժողովի հերթական քառօրեային ընթացքին ՀՅԴ խմբակցութիւնը հանդէս պիտի գայ յայտարարութեամբ:

ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Վահան Յովհաննիսեան «Երկիր»-ին հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ, որ խմբակցութիւնը պիտի առաջարկէ լրագրողի խափանման միջոցը փոխել, զայն ազատ արձակել եւ անոր գործը քննել մինչեւ վերջ: «Վստահ եմ, որ անոր արդարացման որոշումը հեռու չէ, քանի որ որքան կը հասկնամ, զայն իբրեւ թէ փնտռած են 10 օր, մինչդեռ ան այդ օրերուն չէ թաքնուած: Յանցագործը գոնէ թաքնուելու փորձ կ՛ընէր: Ուստի ես հակում ունիմ հաւատալու անոր անմեղութեան, բայց հիմա քննիչի ու դատաւորի դեր ստանձնել չեմ կրնար: Ես կը գտնեմ, որ հաշուի առնելով, որ ան այդ 10 օրերուն բացակայելու փորձ չէր կատարած, ապա հիմա հանգիստ կարելի է անոր նկատմամբ խափանման միջոցը փոխել: Անկէ արդարադատութիւնը պիտի չտուժէ», ըսաւ Վահան Յովհաննիսեան:

Յայտնենք, որ հայրենի ընդդիմադիր «Հայկական Ժամանակ» օրաթերթի լրագրող Հայկ Գէորգեան ձերբակալուած էր ուրբաթ օր: Ընդդիմադիր Հայ ազգային քոնկրեսը պաշտօնական յայտարարութեամբ պահանջած էր ազատ արձակել զայն:

Share this Article
CATEGORIES