ՇՓՄԱՆ ԳԻԾԻՆ ՎՐԱՅ ԶԻՆՈՒՈՐ ՄԸ ԿԸ ԶՈՀՈՒԻ
Լեռնային Ղարաբաղի բանակի հաղորդագրութեան համաձայն, 2 փետրուարին ղարաբաղեան-ազրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գիծի հարաւային պաշտպանական ուղղութեամբ տեղակայուած դիրքերէն մէկուն վրայ հրազէնային մահացու վէրք ստացած է Ստեփանակերտի զինուորական վարչութենէն զօրակոչուած բանակի ժամկէտային զինուոր, 1992 թուականին ծնած Կարլեն Բաղդասարեան:
Դէպքէն անմիջապէս ետք, վիրաւորը մահացած է զինուորական հիւանդանոց տեղափոխուելու ճամբուն վրայ: Միջադէպին հետ կապուած մանրամասնութիւնները ճշդելու համար քննութիւն բացուած է:
CATEGORIES Հայկական

