ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ՊԱՍՔԵԹՊՈԼ. ՕԼ-ՍԹԱՐԻ ՄՐՑՈՒՄԻՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՂՆԵՐԸ ՅՍՏԱԿԱՑԱՆ
Թէեւ յառաջիկայ 26 փետրուարին Օրլանտոյի մէջ (Միացեալ Նահանգներ) տեղի պիտի ունենայ Օլ-Սթարի մրցումը, սակայն անոր մասնակցողներուն անունները յստակացան երէկ` համակիրներուն կատարած քուէարկութիւններէն ետք:
Լոս Անճելըս Լէյքըրզի մարզիկներէն Քոպի Պրայընթ 14-րդ անգամ ըլլալով իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ տարին անգամ մը տեղի ունենալիք այս հետաքրքրական եւ տաք ճակատումին:
Անոր հետ միասին Արեւմտեան գօտիին մաս կը կազմեն նաեւ Քրիս Փոլ, Պլէյք Կրիֆին (Լոս Անճելըս Քլիփըրզ), Քեւին Տիւրընթ (Օքլահոմա Սիթի) եւ Էնտրու Փենիոմ (Լոս Անճելըս Լէյքըրզ):
Իսկ Արեւելեան շրջանին մաս կը կազմեն Տուէյն Ուէյտ, Լեպրըն Ճէյմս (Մայեմի Հիթ), Տերիք Ռոզ (Շիքակօ Պուլզ), Քարմելօ Անթոնի (Նիւ Եորք Նիքս) եւ Տուայթ Հաուըրտ (Օրլանտօ Մեճիք):
CATEGORIES Մարզական



