ՓԻՆԿ ՓՈՆԿ. ԱՐԱԲԱԿԱՆ 13-ՐԴ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆ. ԼԻԲԱՆԱՆ ՏԻՐԱՑԱՒ ՄԷԿ ԱՐԾԱԹ ԵՒ ԵՐԿՈՒ ՊՐՈՆԶ ՄԵՏԱԼԻ
Նախորդ շաբաթավերջին, Ամմանէն (Յորդանան) Պէյրութ վերադարձաւ Լիբանանի փինկ փոնկի պատուիրակութիւնը` իր մասնակցութիւնը բերելէ ետք փինկ փոնկի արաբական 13-րդ ախոյեանութեան:
Լիբանան յաջողեցաւ տիրանալ մէկ արծաթ եւ երկու պրոնզ մետալի:
Արդարեւ, արծաթ մետալին տիրացաւ Տաուտ Շըհէյպ` աւարտականին պարտութիւն կրելէ ետք Իպրահիմ Հասանէն:
Զոյգի մրցումներուն, Շըպէյպ Ռաշիտ Պըպպոյի հետ հանդիսացաւ երրորդ` տիրանալով պրոնզ մետալին:
Լիանանի համար երկրորդ պրոնզ մետալը ապահովեց Դուին Մումջողլեան – Ռիթա Պըսէյպես զոյգը, որ աղջկանց զոյգի մրցումներուն հանդիսացաւ երրորդ:
Աղջկանց կրտսերներու մրցումներուն բաւական տպաւորիչ արդիւնք արձանագրեց Նինա Մարգարեան – Փաթրիսիա Հոմսի զոյգը, որ գրաւեց չորրորդ դիրքը:
4-րդ դիրքը գրաւեց նաեւ լիբանանցի Մէյսա Պըսէյպես` աղջկանց կրտսերներու անհատական մրցումներուն գրաւելով չորրորդ դիրքը:


