«ՍԻ. ԷՆ. ԷՆ.-Ը` ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՓՈՔՐԻԿ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԱՍԻՆ. «ԵԹԷ ԻՆԾԻ ՀԱՐՑՆԵՆ` ՈՎ ԵՄ ԵՍ, ՊԻՏԻ ԸՍԵՄ` ՀԱՅ ԵՄ», Կ՛ԸՍԷ ԲԵՄԱԴՐԻՉ ՆԻԿՈԼ ՊԵԶՃԵԱՆ

Պէյրութի Պուրճ Համուտ թաղամասը փոքրիկ Հայաստան է:

«Սի.Էն.Էն.»-ը այսպէս կը սկսի Պուրճ Համուտի մասին իր կատարած տեսագրութիւնը, որուն պատրաստութեան ընթացքին նկարահանող խումբին ընկերակցած է լիբանանահայ բեմադրիչ Նիկոլ Պեզճեան:

Բեմադրիչը, որ ծնած է Սուրիա եւ ուսանած Միացեալ Նահանգներու մէջ, «Սի.Էն.Էն.»-ի լրագրողին կը պատմէ, որ ամէնէն աւելի «Փոքրիկ Հայաստան»-ի մէջ ինքզինք տան մէջ կը զգայ:

«Պուրճ Համուտը հիմնադրուած է 1930-ականներուն` հայ գաղթականներուն կողմէ, որոնք Օսմանեան կայսրութեան կործանման շրջանին` 1915-ին, ջարդերու ենթարկուած էին», կ՛ըսէ «Սի.Էն.Էն.»-ի լրագրող Շամս Էլուազեր` աւելցնելով, որ հայերը եւ բազմաթիւ պատմաբաններ այդ իրադարձութիւնները «ցեղասպանութիւն» կը նկատեն, սակայն Թուրքիա կը շարունակէ հերքել այդ փաստը:

Բեմադրիչ Նիկոլ Պեզճեան «Սի.Էն.Էն.»-ի լրագրողին ընկերակցած է իր հարազատ Պուրճ Համուտի ամէնէն սիրելի վայրերէն անցնելու ատեն` յայտնելով, որ այս շրջանին մէջ կը հանդիպիս բարեկամներու, անմիջականութիւն մը գոյութիւն ունի, չծրագրուած հանդիպումները ուրախութիւն կը պատճառեն:

Բեմադրիչը իր խօսքին մէջ կը նշէ, որ յատկապես 1950-էն ետք Պուրճ Համուտը զգալի դեր խաղացած է հայապահպանութեան հարցով:

«Եթէ ինծի հարցնեն` ո՞վ եմ ես, պիտի ըսեմ` հայ եմ: Պուրճ Համուտը էական դեր ունեցած է իմ կայանալուս մէջ, այստեղ ձեւաւորուած է իմ հայկական հայրենասիրութիւնս: Այստեղ հայ գրականութիւնն ու հայ մշակոյթը կրկին արմատներ գտան», կը նշէ Պեզճեան:

Պեզճեան հեղինակն է «Միւռոն» ժապաւէնին, որուն մէջ կը նկարագրուի հայկական սրբազան հեղուկին կարեւորութիւնը հայ մշակոյթին եւ կեանքին մէջ առհասարակ: «Այսօր պատրաստուող միւռոնը ուղղակիօրէն մեզ կը կապէ 301 թուականին, երբ Հայաստան ընդունեց քրիստոնէութիւնը իբրեւ պետական կրօն, իսկ եկեղեցին հայկական մշակոյթի եւ ինքնութեան պահպանման գործին մէջ միշտ ալ կարեւոր դեր խաղացած է», կը նկարագրէ Պեզճեան:

Տեսագրութիւնը կ՛եզրափակուի Նիկոլ Պեզճեանի հռետորական հարցումով, որուն կը պատասխանէ ինք` ըսելով. «Աշխարհի այս մասին մէջ ինքնութեան մասին այդքան շատ չեն խօսիր. ատիկա ի վերուստ տրուած է: Ինքնութիւնը Հիւսիսային Ամերիկայի յայտնագործութիւնն է. ո՞վ ես դուն: Դուն այն ես, ինչ որ կաս»:

Տեսագրութիւնը կարելի է դիտել հետեւեալ հասցէով` http://edition.cnn.com/video/?/video/world/2012/02/01/inside-middle-east-little-armenia.cnn

Share this Article
CATEGORIES