«ԸՆԴՀԱՆՐԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ ԵՒ ԷՔԻՒՄԵՆԻԶՄ» ՆԻՒԹՈՎ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎԻՆ ՄԱՍՆԱԿԻՑՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔ

Երէկ տեղի ունեցաւ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի Շրջանային ընդհանուր քարտուղարներու համաշխարհային խորհրդաժողովը` Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդին հրաւէրով: Խորհրդաժողովի նիւթն էր` «Ընդհանրական ժողով եւ էքիւմենիզմ» (Քոնսըլթէյշըն օն Քոնսիլիըր Էքիւմենիզմ):  Խորհրդաժողովի  բացումը կատարուեցաւ  Անթիլիասի մայրավանքին մէջ: որ ներկաները այցելեցին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին` իբրեւ նախկին ատենապետ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդին,  էքիւմենիք փորձառութեամբ հարուստ,  էքիւմենիզմի տեսլականով եկեղեցապետ եւ հեղինակ էքիւմենիզմի մասին բազմաթիւ գիրքերու` լսելու համար էքիւմենիզմի եւ ընդհանրական ժողով եզրերու մասին վեհափառին խորհրդածութիւնները:

Վեհափառը խօսեցաւ  միջազգային եկեղեցագործութեան, Էքիւմենիզմի գործնականութեան եւ իրականացման համար թափուած ճիգերուն, եկեղեցիներու էքիւմենիզմի մասին տարբեր ըմբռնումներուն, դիմագրաւուած նորանոր «շիզմերու» ներխուժման մարտահրաւէրներուն եւ եկեղեցիներու միութեան համար էքիւմենիզմի նոր մեկնաբանութիւններու կարիքին մասին` ընդգծելով քրիստոնեայ-իսլամ միջկրօնական երկխօսութեան կարեւորութիւնը բոլոր մակարդակներուն վրայ: Ներկաները երկար հարցադրումներով լսեցին Արամ Ա. կաթողիկոսին աստուածաբանական խորհրդածութիւնները:

Շնորհակալական խօսքերով հանդէս եկան Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար դոկտ. Փոլ Ռուհանա եւ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի ատենապետ` դոկտ. Օլաֆ Թվիդ: Ներկաները ապա այցելեցին Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան թանգարանը եւ կէսօրին եղան վեհափառին ճաշի հիւրը:   Յայտնենք, որ աւելի քան 44 ընդհանուր քարտուղարներ  երկրագունդի բոլոր կողմերէն կը մասնակցին այս խորհրդաժողովին, որ տեղի կ՛ունենայ Սայտաթ էլ Ժապալ վանքին մէջ` Ատմա, մինչեւ 11 փետրուար:

 

 

Share this Article
CATEGORIES