ՌԻՈՅԻ ՖԵՍԹԻՎԱԼԷՆ ԱՒԵԼԻ՛ ԳՐԱՒԻՉ…

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

2012 տարուան բացումէն կարճ ատեն ետք, Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրապայքարի ֆեսթիվալին առաջին փուլին բացումը տեղի ունեցաւ հանրապետական թեկնածուներու կողմէ բազմակողմանի մենամարտներու պաշտօնական շղթայազերծումով:

Ընտրական այս ֆեսթիվալը իրաւա՛մբ կարելի է նկատել… Ռիոյի ֆեսթիվալին մրցակիցը, այն տարբերութեամբ, որ հոս` փողոցներու մէջ պարեր ու գունագեղ շքերթներ տեղի չեն ունենար, այլ մրցակիցները պատկերասփիւռի պաստառներէն հանդէս կու գան իբրեւ ախոյեաններ, առանց ատրճանակի կամ բռունցքի, հակառակորդ(ներ)ը դիտապաստ գետին փռելու կիրքով:

Տօնահանդէսը յառաջ կը տարուի երկու գլխաւոր գիծերու վրայ: Հանրապետական թեկնածուները նախ լծուած են զիրար չէզոքացնելու մոլուցքին, միայն երբեմն յիշելով գլխաւոր մրցակիցը` նախագահ Օպաման, զոր տապալելու կիրքով կը յորդի իւրաքանչիւր հանրապետական` թեկնածու թէ քուէարկող: Ամիսը չբոլորած` արդէն քանի մը թեկնածու ասպարէզէն քաշուած են, իսկ երկու գլխաւոր մրցակիցները (այժմու տուեալներով) զիրար կը դաշունահարեն, ո՛ւր որ կը հասնի իրենց ձեռքը, իրարու կոկորդ կը կրծեն առաջին դիրքը գրաւելու համար:

Դեմոկրատները այս տարի նոյն «թակարդ»-ին մէջ չեն, որովհետեւ նախագահ Օպամա ի սկզբանէ հռչակուած է ախոյեան. ան տարեվերջին պիտի ճակատի հանրապետականներու այն ախոյեանին դէմ, որ պիտի յաջողի զգետնել իր կուսակցութեան մրցակիցները: Երեւակայեցէք, որ կ՛ապրիք հին Հռոմի մէջ, ուր կրկէսներու մէջ մենամարտիկներ զիրար կը չէզոքացնէին` ցմահ կռուելով…

Ընտրապայքարի «եղանակ»-ը հաճելի շրջան է. նախ` անիկա հաճելի ժամանց կը տրամադրէ պատկերասփիւռ դիտողներուն եւ լրատու այլ աղբիւրներու սիրահարներուն: Լուսարձակները մեծ մասամբ կը հեռացուին իսկական հարցերէ, տագնապներէ, անոնք ըլլան ամերիկեան շրջագիծին մէջ թէ անկէ դուրս: Ակնդիրը կ՛ապրի այն պատրանքը, որ մրցակիցները իսկապէս բանավէճի նիւթ կը դարձնեն զանգուածին մորթը, միսն ու ոսկորը սղոցող տագնապները, ժողովուրդին ապրած դժուարութիւնները, թեկնածուներէն կը լսէ խոստումներ, կը ստանայ հաւաստիքներ, ու պահ մը կ՛իյնան երանական մթնոլորտի մը մէջ` յուսալով, որ այս կամ այն թեկնածուին յաղթանակը պիտի ըլլայ սկիզբը` խոստումներու իրականացման. այս թմբիրը մոռացութեան կը տանի մօտիկ թէ քիչ մը աւելի կանուխ անցեալի այն յիշատակները, երբ թեկնածուներու խոստումները կը մնային ձորի մը մէջ, անգամ մը որ մէկն ու մէկը հասնէր Սպիտակ տուն կոչուող գագաթը: Մինչեւ իսկ նախագահին Միութեան իրավիճակին մասին աւանդական ճառը, քանի մը օր առաջ, կը թողու այն պատրանքը, թէ ան յանձնառու կը մնայ իր խոստումներուն… Սպիտակ տուն մտնելէն երեք տարի ետք. ան կարծէք թէ մոռցած է, որ հիմա նախագահ է, եւ ոչ թէ սոսկական թեկնածու, տնտեսական վիճակի բարելաւման խոստումներու իրականացման համար արդէն երեք տարի մսխած է, լուռ ու բացայայտ մեղադրանքներ կ՛արձակէ հանրապետականներու հասցէին, իբր թէ անոնք արգելակիչ գործօններ եղած են իր ծրագիրներուն իրականացման համար, մինչդեռ մինչեւ խորհրդարանական վերջին ընտրութիւնները իր կուսակցութիւնը մեծամասնութիւն էր խորհրդարանի զոյգ տուներուն մէջ եւ, սակայն, ընդհանուր գիծերու մէջ, նախորդ նախագահին տխմար վարքագիծը միայն երեւութական շպարներու ենթարկուեցաւ ու… նահանջը շարունակուեցաւ քառասմբակ, ան իբրեւ գործակից ունեցաւ նախորդ վարչակարգի «տիտանները», որոնք «դարբնած»  էին տագնապը, գործադրեց անոնց թելադրանքները, որոնք բարելաւման ճամբէ հեռու պահեցին կացութիւնը:

Ընտրապայքարի տօնահանդէսի վարագոյրին բացումէն առաջ Սպիտակ տան աղբիւրներուն կողմէ սկսան հրապարակ նետուիլ ընդհանուր բարեփոխման հաւաստիքներ, իբր թէ անգործութեան համեմատութիւնը անկում արձանագրած է, իջած է 8.5 առ հարիւրի, մինչդեռ իրապաշտ վիճակագրութիւններ կ՛ըսեն, որ թիւը աւելի բարձր է քան 15 առ հարիւրը, որովհետեւ պատկերէն դուրս ձգուած են անոնք, որոնք անյուսութեան մատնուած են ու դադարած են գործ փնտռելէ, կամ` ունին միայն մասնակի աշխատանք, որ հեռու է լիարժէք եկամուտի եւ տարրական իրաւունքներու կարելիութենէն:

Ընտրապայքարը հաճելի ժամանց կ՛ընծայէ նաեւ անոր համար, որ կը ծառայէ ընտրողներուն «աչքերը բանալու», եթէ անշուշտ մարդիկ տրամադիր են իրենց աչքերը բանալու: Փաստօրէն, եթէ մարդիկ` վաղուան քուէարկողները քննական մօտեցումով, առանց զգացականութեան ու նախօրօք վարձու տրուած տրամաբանութեան հետեւին հանրապետական մրցակիցներուն յայտարարութեանց, ելոյթներուն, պիտի անդրադառնան, որ ամէնէն նախընտրելի թեկնածուն իսկ ըստ էութեան անարժան մըն է, զուրկ` բարոյականութենէ, չարաշահ մըն է կամ դիրք ու պաշտօն շահագործող մը: Ընտրապայքարին իսկական բարիքներէն մէկը այն է, որ իւրաքանչիւր թեկնածուի ու օգնականներուն առիթ կու տայ պեղելու հակառակորդին կամ մրցակիցներուն գործի ու պաշտօնավարութեան անցեալն ու ներկան` պատշգամներէն կախելու անոնց աղտոտ լաթերը: Մէկուն անհաւատարմութեան անցեալը կը ցուցադրուի` հակակշռելով յանդգնութեան ենթադրեալ յատկանիշը, ու մարդիկ ինքնախաբէութեան կը դիմեն` ըսելով, որ ընտանեկան անհաւատարմութիւնը պէտք չէ հաշուի առնել քաղաքական կեանքի մէջ, կը մոռնան, որ հայրենիքն ալ մեծ ընտանիք է, ու անհատական ընտանիքին հանդէպ անուղղայ ընթացք մը ցուցանիշ է մեծ ընտանիքին հանդէպ ալ բարոյականէ զուրկ մօտեցումի: Երկրորդի մը շահամոլութիւնն ու շահատուրքէ խուսափումը գունագեղ լաթերով կը կախուին պատշգամին չուաններէն, իսկ երկիրը միաժամանակ քանի մը պատերազմներու մէջ տեսնելու անոր նախատեսութիւնը կ՛ընդունի իբրեւ քաջութեան, յանդգնութեան ցուցանիշ, եւ ոչ թէ երկիրին կարողականութիւնները զէնքի ճարտարարուեստին գրպանը առաջնորդելու եւ մսխումի նոր մրցանիշներ հաստատելու դրօշակրութիւն…

.. Յառաջիկայ նոյեմբերին, քուէարկութեան հանգրուանին, մարդիկ դարձեալ պիտի մտածեն ու անյուսութիւն բուրելով` հարց պիտի տան. «Ի՞նչ կրնանք ընել… Ասոնք են թեկնածուները: Ո՛վ որ ալ ըլլայ շահողը, ընթացքը պիտի մնայ անփոփոխ, զանգուածներս պիտի ըլլանք վճարողը«: Իրենք զիրենք իրաւազրկուած, կողոպտուող ու ձախաւերութեանց գինը վճարող նկատողները, որոնք քանի մը ամիս առաջ հրապարակ եկան «մենք 99%ն ենք» նշանախօսքով, պահ մը յանդուգն կերպով վերցուցին չարաշահները քողարկող վարագոյրին ծայրը, ցոյց տուին, որ իշխանութեան մարդիկն ու հսկայական հարստութիւններ դիզող ընկերութիւններ, անգործութեան ու տնազրկութեան (եւ դեռ` բազում այլ զրկանքներու) պատճառ եղողները լուռ դաշնակից են, իրարու կռնակ տուած են, բարեփոխութեան հաւաստիքները չեն անցնիր շպարայինէն անդին, ու շպարողները արթուն են` խորտակելու տարրական իրաւունքներու պաշտպանութեան նուազագոյն շարժումն անգամ, յանուն… օրէնքի, ժողովրդավարութեան, ապահովութեան ու ահաբեկչութեան դէմ պայքարի:

Ընտրապայքարի ֆեսթիվալներն ու իրականութիւններ վարագուրող խաղերը չեն կրնար ընդմիշտ շարունակուիլ: Անոնց կասեցման համար, անհրաժեշտ է վերականգնել արդարութեան ձգտող պայքարի այն միջոցները, որոնք մարդկութիւնը, բոլոր ցամաքամասերու մէջ, տասնամեակներու եւ դարերու ընթացքին առաջնորդած են ընկերային աւելի արդար վիճակներու, աշխատողներու եւ ընտանիք պահողներու համար համեմատաբար աւելի բարօր պայմաններու ապահովման. դանդաղ, բայց հաստատ քայլերով բարելաւումներու, զորս կարճ ժամանակի մէջ խորտակելու եւ անվերադարձ ջնջելու փորձեր կը կատարուին տարբեր ցամաքամասերու վրայ, Ամերիկաներէն մինչեւ Եւրոպա, Ափրիկէ ու Ասիա:

Անարդար կացութիւններ միշտ ալ ծնունդ տուած են արդարատենչ շարժումներու, որոնք հետզհետէ ուղղութիւն ու ծաւալ ստացած են եւ ի վերջոյ` յաջողութիւններ արձանագրած, խորտակելով մեծ ու փոքր դժուարութիւններ: Պատմութեան անիւը պիտի թաւալի` հետեւողութեամբ մեծ գիտնականի մը «եւ սակայն կը դառնայ…» հաստատումին:

 

 

Share this Article
CATEGORIES