ԺՈՄՊԼԱԹ ԿԸ ՔՆՆԱԴԱՏԷ ՌՈՒՍԻՈՅ ԵՒ ՉԻՆԱՍՏԱՆԻ ՎԵԹՈՆԵՐԸ

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ «Անպա» պաշտօնաթերթին մէջ հրապարակած իր շաբաթական յօդուածին մէջ գրեց, որ սուրիական վարչակարգին զօրակցելու նպատակով` Ապահովութեան խորհուրդի նիստին ընթացքին Ռուսիոյ եւ Չինաստանի կողմէ վեթոյի իրաւունքին օգտագործումը քանդած է Արաբական լիկայի նախաձեռնութիւնը, որ կը միտէր Սուրիան դուրս բերել մենատիրութենէն:

Լիբանանեան առումով Ժոմպլաթ նշեց, որ եթէ ինքզինք զանց կացուցելու քաղաքականութիւնը կը յաջողի արաբական եւ միջազգային ամպիոններուն վրայ` նկատի ունենալով Լիբանանի իւրայատկութիւնը, ապա այդ քաղաքականութիւնը երբեք չի յարմարիր Սուրիայէն գաղթած քաղաքացիներուն:

 

Share this Article
CATEGORIES