ՇԱՐՊԵԼ – ԱՊԱՏԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Մարուան Շարպել երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատին, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն զօր. Աշրաֆ Ռիֆի:
Հանդիպումէն ետք Ապատի յայտնեց, որ նախարար Շարպելի հետ քննարկած է Իրանի եւ Լիբանանի միջեւ փոխադարձ գործակցութեան հեռանկարները, յատկապէս ներքին գործոց նախարարութեան մակարդակին վրայ:
Ապատի շեշտեց, որ հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են նաեւ Սուրիոյ մէջ առեւանգուած եւ Լիբանան տեղափոխուած իրանցի ճարտարապետներուն լուրին մանրամասնութիւնները` աւելցնելով, որ ինք լիբանանեան պետութենէն պահանջած է ստուգել այդ լուրին ճշգրտութիւնը եւ ճիշդ ըլլալու պարագային` ճարտարապետները ազատ արձակելու համապատասխան քայլերուն դիմել:
Միւս կողմէ, Ապատի երէկ հանդիպում մը ունեցաւ լիբանանեան լրատուամիջոցներու շուրջ 50 ներկայացուցիչներու հետ` շեշտելով, որ Իրան կը զօրակցի Սուրիոյ, որովհետեւ սուրիացի ժողովուրդը իր մեծամասնութեամբ նեցուկ կը կանգնի սուրիական ներկայ վարչակարգին:
Ապատի նկատել տուաւ նաեւ, որ Իրան Դամասկոսին զինեալ օժանդակութիւն չէ յատկացուցած` աւելցնելով, որ իրենք ոչ մէկ պետութեան ներքին հարցերուն միջամուխ դարձած են:
Ապատի յայտնեց նաեւ, որ Թեհրան մնայուն կերպով պիտի զօրակցի պաղեստինեան դատին:


