ԲԱՆԱԿԻ ՀՐԱՄԱՆԱՏԱՐԸ ԶՕՐ. ՍԵՐՐԱՅԻ ՀԵՏ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ԲԱՆԱԿԻՆ ԵՒ ՖԻՆԻՒԼ-Ի ՈՒԺԵՐՈՒՆ ՄԻՋԵՒ ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՀԵՌԱՆԿԱՐՆԵՐԸ

Զօրավարներ Քահուաժի եւ Սերրա

Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Փաուլօ Սերրան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան բանակին եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն միջեւ գործակցութիւնը բարելաւելու հեռանկարները` աւելի լաւ կերպով գործադրելու համար Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւը:

Հանդիպումին ընթացքին զօր. Սերրա շեշտեց, որ ինք ճիգ պիտի չխնայէ պահպանելու հարաւային Լիբանանի ապահովութիւնը եւ պիտի ջանայ ՖԻՆԻՒԼ-ին ու լիբանանեան բանակին միջեւ ռազմավարական գործակցութիւնը ամրապնդել:

Share this Article
CATEGORIES