ՄԻՔԱԹԻ ԹԱՆԱՍԻ ՀԵՏ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ԵՐԿԿՈՂՄԱՆԻ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու նոր նշանակուած հրամանատար զօր. Փաուլօ Սերրայի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանը յուզող հարցերը, ինչպէս նաեւ միջազգային խաղաղապահ ուժերուն առաքելութիւնը:
Վարչապետարան այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Ռումանիոյ դեսպան Տանիէլ Թանաս, որ Միքաթիի հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւններն ու գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները, յատկապէս տնտեսական մարզին մէջ:
Հանդիպումէն ետք Թանաս յայտնեց, որ հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են նաեւ շրջանային իրադարձութիւններն ու յառաջիկայ ամրան կիսուն վարչապետ Միքաթիի Ռումանիա կատարելիք այցելութեան նախապատրաստութիւնները:
Վարչապետարանի այցելուներէն եղաւ նաեւ Լիբանանի սկաուտական ֆետերասիոնի նորընտիր վարչութիւնը` նախագահութեամբ Նեպիլ Պայտունի: Հանդիպումին ընթացքին պատուիրակութիւնը վարչապետին ներկայացուց սկաուտական շարժումին մշակած աշխատանքային ծրագիրը, յատկապէս անոր հիմնադրութեան 100-ամեակին առիթով կազմակերպուելիք ձեռնարկներուն մանրամասնութիւնները:
Միւս կողմէ, «Հայաթ» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Միքաթի, որ յառաջիկայ հինգշաբթի, 9 փետրուարին երկօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ մը պիտի մեկնի Ֆրանսա, փոփոխութեան ենթարկած է նախարարական պատուիրակութեան մը ընկերակցութեամբ այցելութիւնը կատարելու որոշումը:
Նոյն թերթին համաձայն, Միքաթի առանձին պիտի մեկնի Ֆրանսա, ուր հանդիպումներ պիտի ունենայ Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզիի, վարչապետ Ֆրանսուա Ֆիյոնի եւ արտաքին գործոց նախարար Ալեն Ժիւփէի հետ:


