ՊԸՐՐԻ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՄԻՔԱԹԻՆ
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց վարչապետ Նեժիպ Միքաթին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս կառավարութեան դիմագրաւած տագնապին վերաբերող հարցեր:
Հանդիպումէն ետք վարչապետ Միքաթի յայտնեց, որ ինք խորհրդարանի նախագահին ներկայացուցած է կառավարութեան տագնապին դրդապատճառները` աւելցնելով, որ Պըրրի կը համբերէ, ինչպէս նաեւ յարմար առիթին կը սպասէ իր կեցուածքները արտայայտելու եւ հաղորդակցութիւնները կատարելու:
Պատասխանելով այն հարցումին, որ արդեօք կառավարութիւնը նիստի պիտի հրաւիրուի՞, վարչապետ Միքաթի յայտնեց, որ եթէ կառավարութեան նիստին արդիւնաւէտ ըլլալը երաշխաւորուի, ապա նախարարաց խորհուրդը պիտի գումարէ իր նիստը:
Միքաթի յայտնեց, որ Պըրրիի հետ որոշ քննարկումներէ ետք ինք այն եզրակացութեան յանգած է, թէ խորհրդարանի նախագահը տակաւին չէ համոզուած, որ պէտք է միջամտէ կառավարութեան տագնապին լուծման հոլովոյթին:
Պըրրիի այցելեց նաեւ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու ընդհանուր հրամանատար զօր. Փաուլօ Սերրա: Հանդիպումին ներկայ էին նաեւ երեսփոխան Ալի Պեզզի եւ Պըրրիի տեղեկատուական հարցերու խորհրդական Ալի Համտան: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան հարաւային Լիբանանի իրավիճակն ու միջազգային խաղաղապահ ուժերուն աշխատանքները:
Նշենք, որ Պըրրի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ պաշտպանութեան նախարար Ֆայեզ Ղոսընի հետ` ապաքինում մաղթելով անոր:


