ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ. «ՊԷՏՔ Է ԱՄԷՆ ՋԱՆՔ Ի ԳՈՐԾ ԴՆԵԼ ԽԱՂԱՂ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ԸՆԴՄԷՋԷՆ ՊԱՀՊԱՆԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ՔԱՂԱՔԱՑԻԱԿԱՆ ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԻՒՆԸ»
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման կոչ ուղղեց լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերուն գիտակցութեամբ մօտենալու ներկայ հանգրուանին եւ մտածելու ապագային մասին: Ան շեշտեց, որ պէտք է ամէն ջանք ի գործ դնել խաղաղ երկխօսութեան ընդմէջէն պահպանելու համար քաղաքացիական անվտանգութիւնը եւ Լիբանանը զերծ կացուցելու իրեն շրջապատող ցնցումներէն:
Նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ Լիբանանի բարգաւաճումը անկարելի է ապահովել, եթէ երկխօսութիւն ու փոխըմբռնում չկատարուի եւ պետական հաստատութիւններուն աշխատանքը չկանոնաւորուի` պահպանելով Լիբանանի կայունութիւնն ու անվտանգութիւնը:
Հանրապետութեան նախագահը մաղթեց, որ միջպաղեստինեան հաշտութեան քայլը յոյսի նշոյլ մը ըլլայ` ամրապնդելու համար պաղեստինեան միասնականութիւնը եւ դիմագրաւելու համար պաղեստինցի ժողովուրդին սպառնացող մարտահրաւէրները:
Հանրապետութեան նախագահը երէկ ընդունեց հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Փաուլօ Սերրան, որ հաստատեց ՖԻՆԻՒԼ-ի եւ լիբանանեան բանակին միջեւ գործակցութեան անհրաժեշտութիւնը` պահպանելու համար սահմանային անվտանգութիւնը, ինչպէս նաեւ Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութիւնը:
Նախագահ Սլէյման ընդունեց նաեւ ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպելը, որուն հետ քննարկեց երկրին ապահովական կայունութիւնը պահպանելու առումով ներքին գործոց նախարարութեան որդեգրած միջոցները:
Նախագահական պալատի այցելուներէն եղան նաեւ արտաքին գործոց նախարար Ատնան Մանսուր եւ երեսփոխան Եուսեֆ Խալիլ:
Միւս կողմէ, «Սաֆիր» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին, նախագահ Սլէյման յայտնեց, որ կառավարութեան նիստերը ընդհատելու որոշում չկայ` աւելցնելով, որ վարչապետ Միքաթի կը փափաքի, որ պետական նշանակումներու թղթածրարին քննարկումը աւելի հասուն կերպով կատարուի եւ կարելի ըլլայ խաղաղ ու հանգիստ պայմաններու մէջ նշանակումներ կատարել:
Ան մաղթեց, որ փոխըմբռնումը ըլլայ տիրական եւ նախարարաց խորհուրդի նիստերուն ընթացքին չորդեգրուի մնայուն կերպով ընդդիմանալու ոճը, որովհետեւ անիկա վտանգաւոր հարց է եւ պետութեան հիմերը կը խախտէ:


