«ՈՐՈՇԵՑԻ ՉՔՈՒԷԱՐԿԵԼ, ՀԱԿԱՌԱԿ ԱՆՈՐ ՈՐ ԿԸ ԿԱՐԾԵՄ, ԹԷ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԺԽՏՈՒՄԸ ՊԷՏՔ Է ՊԱՏԺՈՒԻ» Կ՛ԸՍԷ ՖՐԱՆՍԱՑԻ ԾԵՐԱԿՈՒՏԱԿԱՆ ՄԸ

Իվ-Լըքոնթ

«Երկիր Մետիա» կը հաղորդէ, որ կեդրոնական Երեւանի պանդոկներէն մէկուն մէջ տեղի ունեցած է ֆրանսական նախընտրական հաւաք, որովհետեւ ըստ ֆրանսական օրէնսդրութեան, ծերակուտականներու մէկ մասը կրնայ միայն Ֆրանսայի սահմաններէն դուրս ապրող Ֆրանսայի քաղաքացիներուն քուէներով ընտրուիլ: Անոնց շարքին է նաեւ ծերակուտական Ժան Իվ-Լըքոնթ, որ նախընտրական արշաւը սկսած է Հայաստանէն:

Ան այն ծերակուտականներէն է, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը քրէականացնող օրինագիծին դէմ էր եւ քուէարկութեան չէ մասնակցած: Ֆրանսայի հայ քաղաքացիներուն հետ անոր հանդիպումին ընթացքին «Երկիրն այսօր»-ը կարելիութիւն ունեցած է անձամբ ծերակուտականէն ճշդել օրինագիծին դէմ ըլլալու պատճառները:

Ծերակուտական Ժան Իվ-Լըքոնթ նշած է, որ համաձայն է, որ ցեղասպանութիւններու ժխտումը պատժուի օրէնքով, սակայն այն պարագային, եթէ օրէնքը թերի չէ, եւ ատոր որդեգրումը չի կապուիր Ֆրանսայի մէջ նախանշուած նախագահական ընտրութիւններուն հետ:

«Կը կարծեմ` օրէնքը թեքնիք կերպով եւ իրաւաբանօրէն թերի է: Ֆրանսայի արտաքին քաղաքականութիւնը այսօր փխրուն վիճակի մէջ է, եւ չէի ուզեր, որ Թուրքիոյ հետ Ֆրանսայի բարեկամական կապերը վատթարանան, եւ շրջանին մէջ մեր երկրին քաղաքական դերը թուլնայ` յատկապէս այն պարագային, երբ այժմ կը խօսուի Ֆրանսայի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան մէջ մնալ-չմնալուն մասին:

«Այս բոլորը հաշուի առնելով` որոշեցի չքուէարկել: Հակառակ անոր որ կը կարծեմ, թէ Ցեղասպանութեան ժխտումը պէտք է պատժուի», ըսած է Իվ-Լըքոնթ:

 

Share this Article
CATEGORIES