ԼԻՊԸՐՄԱՆ ԱՌԱՋԻՆ ԱՆԳԱՄ ԸԼԼԱԼՈՎ ՀՐԱՊԱՐԱԿԱՒ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԴԷՄ ԱՐՏԱՅԱՅՏՈՒԱԾ Է

Աւիկտոր Լիպըրման

Իսրայէլեան «Իզրուս» ռուսալեզու կայքէջը կը հաղորդէ, որ Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Աւիկտոր Լիպըրման առաջին անգամ ըլլալով հրապարակաւ խօսած է Իսրայէլի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման դէմ` աւելցնելով, որ մինչեւ հիմա Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման դէմ արտայայտուած էին Լիպըրմանի կուսակիցներէն Տանի Այալոն եւ Մեր տունը Իսրայէլն է խմբակցութեան նախագահ Ռապըրթ Իլաթով:

Կայքէջը կ՛ընդգծէ, որ Լիպըրման այդպիսի յայտարարութիւն կատարած է անցեալ շաբաթավերջին:  «Իսրայէլի պետութեան հիմնադրումէն ի վեր որեւէ այլ պատերազմի, կամ այլ ողբերգութեան առնչութեամբ Ողջակիզում եզրի օգտագործման համաձայն չենք եղած: Մենք կը կարծենք, որ այն, ինչ որ Համաշխարհային Բ. պատերազմի տարիներուն հրեայ ժողովուրդին հետ տեղի ունեցաւ, անհամեմատելի է: Ափրիկէի, Ասիոյ, Պալքաններուն մէջ տեղի ունեցած այլ տագնապները, վայրագ սպանութիւնները եզրաբանական գործելաոճի կիրարկմամբ հերթական ողջակիզում դարձնելը մենք չենք ընդունիր: Մենք կողմնակից ենք այն բանին, որ բոլոր փաստերը, պատմութեան տխուր էջերը ներկայացուին այնպէս, ինչպէս որ են», յայտարարած է ան:

Լիպըրման նաեւ անդրադարձած է Ֆրանսայի ծերակոյտին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծի որդեգրումին: «Ֆրանսայէն բացի որեւէ այլ երկիր օրէնսդրութեամբ չէ ընդունած հայերու ցեղասպանութիւնը: Մենք միջամտելու չենք պատրաստուիր: Այսօր անիկա պատմական իրադարձութենէն քաղաքական վէճի վերածուած է, ուստի չեմ կարծեր, որ Իսրայէլ այժմ պէտք է այդ բոլորին միջամտէ»:

Կայքէջը կ՛ընդգծէ, որ մայիս 2011-ին Իսրայէլի արտաքին գործոց փոխնախարար Տանի Այալոն յայտարարած էր, որ «որեւէ առիթ չկայ, որ Քնեսեթը ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը»: «Ատիկա անկարելի է, մենք չենք կրնար թոյլատրել, որ պատմութեան վիճելի հարցերը իսլամական աշխարհին մէջ մեր ռազմավարական գործընկեր Ազրպէյճանի հետ յարաբերութիւնները փճացնեն», ընդգծած էր Այալոն:

 

Share this Article
CATEGORIES