ԼՐԱԳՐՈՂ ՀԱՅԿ ԳԷՈՐԳԵԱՆ ԱԶԱՏ ԱՐՁԱԿՈՒԵՑԱՒ
Ուրբաթ օր ձերբակալուած «Հայկական Ժամանակ» օրաթերթի լրագրող Հայկ Գէորգեան երէկ կէսօրին ազատ արձակուեցաւ «Նուպարաշէն» քրէակատարողական հիմնարկէն:
Գէորգեան կը մեղադրուի քաղաքացիի մը ինքնաշարժի արկածի ենթարկելու եւ պատահարին վայրը լքելուն յանցանքով, մինչդեռ բանտարկութենէն դուրս գալէ ետք ան յայտարարեց, որ իր նկատմամբ ուղղակի հետապնդում կ՛իրականացուի լրագրական գործունէութեան համար:
Լրագրողին գործընկերները եւ հարազատները կալանավայրին դիմաց զայն դիմաւորեցին ծափողջոյններով:
Պատասխանելով «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի այն հարցումին, թէ ինչո՞ւ զինք ձերբակալեցին եւ երկու օր բանտը պահեցին, ան յայտնեց. «Ես կը սպասէի, որ ինծի կը բռնեն 14 յունուարին, ետքը կը սպասէի, որ կը բռնեն 15-ին, երբ չբռնեցին` մտածեցի, որ պիտի բռնեն 16-ին, եւ այդպէս ուղղակի ձգձգուեցաւ: Ես ամէն օր պատրաստ էի, կը տեսնէք` զիս տանս մօտէն բռնած են»:
Լրագրողը նշեց, որ ինք ընդհանրապէս կասկած չունէր, որ իրեն պիտի բռնեն, որովհետեւ ապահովական համակարգին մտաւորական մակարդակին լաւ ծանօթ է: Ան յայտնեց, որ ձերբակալութիւնը նախապատրաստուած էր 20 օր առաջ եւ նոյնիսկ այդ պայմաններուն մէջ ատիկա իրականացուած էր ահռելի խախտումներով, ինչ որ իր երազանքն էր ուղղակի եւ կատարուեցաւ:
Հայկ Գէորգեան համոզում յայտնեց, որ տեղի ունեցածը նախապէս ծրագրուած էր: Ըստ անոր, ասիկա ուղղակի հետապնդում է եւ կարելի չէ կասկած ունենալ:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ինչպէ՞ս յաջողած է հետախուզման մէջ գտնուելու տասը օրերուն ընթացքին չյայտնաբերուիլ, լրագրողը յայտնեց, որ ինք երկու անգամ` հինգշաբթի օրերը թաքնուած է կառավարութեան մէջ, երկու անգամ` ասուլիսներուն մէջ, ամէն օր թերթի էջերուն մէջ թաքնուած է` բացի շաբաթ-կիրակի օրերէն:


