«ԹՈՂ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՓԱՍՏԸ ԱՊԱՑՈՒՑԵՆ, ԵՒ ՄԵՆՔ ՆԵՐՈՒՄ ՊԻՏԻ ՀԱՅՑԵՆՔ» Կ՛ԸՍԷ ԷԿԵՄԵՆ ՊԱՂԸՇ
Թրքական «Թուտէյզ Զաման» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ Եւրոպական Միութեան հարցերով պետական նախարար Էկեմեն Պաղըշ «Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է, որ «Հայոց ցեղասպանութեան` փաստերով ապացուցման պարագային Թուրքիա հայերէն ներում պիտի հայցէ»:
Լրագրողի այն հարցումին, թէ Թուրքիան արդեօք պիտի ճանչնա՞յ Հայոց ցեղասպանութիւնը, թուրք նախարարը ըսած է. «Եթէ ատիկա (Հայոց ցեղասպանութիւնը) պատմականօրէն եւ գիտականօրէն, եւ որ աւելի կարեւոր է, միաձայնութեամբ ճանչցուի իբրեւ իրական փաստ, ապա ինչու ոչ»` աւելցնելով, որ իւրաքանչիւր ժողովուրդի պատմութեան մէջ մութ պահեր կան. «Կրնա՞ն նշել ժողովուրդ մը, որ իր պատմութեան մէջ մութ էջեր կամ ցաւ չունենայ»:
Պաղըշ նաեւ նշած է, որ թրքական կողմը պատմութեան արխիւները բանալու եւ ուսումնասիրութիւն կատարելու առաջարկով դիմած էր հայկական կողմին, սակայն առաջարկը մերժուած էր: «Ցաւ ի սիրտ, Հայաստանի կառավարութիւնը այդ առաջարկը ընդունելու խիզախութիւնը չունեցաւ», յայտարարած է ան:
Անդրադառնալով Ֆրանսայի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծի որդեգրումին` Պաղըշ ըսած է, որ ատիկա Թուրքիոյ համար «անարժէք է»:
ՀԵՏԱՔՆՆՈՒԹԻՒՆ` ԶՈՒԻՑԵՐԻՈՅ ՄԷՋ
Ցիւրիխի պետական դատախազ Քրիսթին Պրաունշվայ «Տողան Հապեր» լրատուական գործակալութեան յայտնած է, որ Թուրքիոյ Եւրոպական Միութեան հարցերով նախարար Էկեմեն Պաղըշի դէմ հետաքննութիւն սկսած է:
«Անցեալ շաբաթ մեր դատարանը դիմում մը ստացած է, ըստ որուն, Պաղըշ Զուիցերիոյ մէջ քրէական օրէնսգիրքի 261-րդ յօդուածին մէջ գոյութիւն ունեցող ազգայնամոլութեան օրէնքին դէմ արտայայտուած է:
«Հետաքննութիւն սկսած է, որովհետեւ դատարանը այդ պնդումը հիմնաւոր նկատած է: Հիմա մենք պիտի քննենք Հայոց ցեղասպանութիւնը ժխտելու մասին` Էկեմեն Պաղըշի արտայայտութիւնը: Պիտի ուսումնասիրենք նաեւ անոր դիւանագիտական անձեռնմխելիութեան հետ կապուած հարցը: Եւ վերջաւորութեան դատական գործ պիտի բանանք, եթէ այս ամէնը օրէնքին հակասող ըլլայ եւ դիւանագիտական անձեռնմխելիութեան խնդիր չըլլայ», ընդգծած է Պրաունշվայ:
Պաղըշ 30 յունուարին Զուիցերիոյ մէջ, ուր Հայոց ցեղասպանութեան ժխտման համար պատիժ սահմանուած է, ըսած էր. «Մենք այժմ Զուիցերիոյ մէջ ենք, եւ ես կը յայտարարեմ, որ 1915-ի դէպքերը ցեղասպանութիւն չեն: Թող գան ու ձերբակալեն զիս»:


