«ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԻՆ ԴԷՄ ՊԷՏՔ Է ԴՆԵԼ» Կ՛ԸՍԷ ԱՐՄԷՆ ՌՈՒՍՏԱՄԵԱՆ
Հայաստանի Ազգային ժողովի երէկուան նիստին ընթացքին ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան դարձեալ նշեց, որ խորհրդարանը պարտաւոր է քննարկելու իր հեղինակած «Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը զինեալ տագնապի վերածելու, էութիւնը նենգափոխելու եւ խաղաղ բանակցային հոլովոյթը խոչընդոտելու` Ազրպէյճանի պատասխանատուութեան մասին» օրինագիծը, իսկ չքննարկելը Ազգային ժողովի կանոնակարգ օրէնքի խախտում է:
Արմէն Ռուստամեան յայտնեց, որ այդ յայտարարութիւնը պարտադիր է նաեւ քաղաքական առումով, որովհետեւ Ազրպէյճան նենգափոխման հոլովոյթը իրենց աչքին առջեւ կ՛իրականացնէ: Ան նշեց, որ արդէն Մեքսիքա իր խորհրդարանի երկու պալատներով Խոջալուի դէպքերը ճանչցած է իբրեւ հայերու կողմէ կատարուած ցեղասպանութիւն: Մեծ աշխատանքներ կը ծաւալին Մերձաւոր Արեւելքի, Կեդրոնական Ասիոյ եւ Պելճիքայի մէջ, իսկ առաջին ծիծեռնակը, պարզ է, որ Փաքիստանն է: Ա. Ռուստամեան նշեց, որ իր հեղինակած օրինագիծը նենգափոխման դէմ յստակ քայլ է: «Դուք չէք ուզեր քննարկել զայն, իսկ ետքը կը զարմանաք, թէ ինչո՛ւ Ազրպէյճան յաջողութեամբ կ՛իրականացնէ նենգափոխման քաղաքականութիւնը: Ասոր դէմ պէտք է քայլ առնենք», ընդգծեց Արմէն Ռուստամեան:
Ազգային ժողովի նախագահ Սամուէլ Նիկոյեան յայտնեց, որ կ՛ընդունի Ռուստամեանի մտահոգութիւնը, բայց նշեց, որ միայն յայտարարութեամբ չէ, որ այդ հոլովոյթին պէտք է դէմ դնել: Ըստ նախագահին, անոր համար յստակ քայլեր եւ գործողութիւններ անհրաժեշտ են:
Անդրադառնալով յայտարարութեան` Սամուէլ Նիկոյեան յայտնեց, որ իրենք յայտարարութեան բովանդակութեան դէմ չեն, այդ քաղաքական գործիքը կարելի է կիրարկել, բայց ատիկա պէտք է կատարել այն ժամանակ, երբ անիկա առաւելագոյն օգտակարութիւնը կ՛ապահովէ:


