ՆՈՐ ԶԻՆՈՒՈՐ ՄԸ ԶՈՀ` ԱՆՈՐՈՇ ՊԱՅՄԱՆՆԵՐՈՒ ՄԷՋ

Լեռնային Ղարաբաղի բանակի հաղորդագրութեան համաձայն, 5 փետրուարին ղարաբաղեան-ազրպէյճանական զօրքերու շփման գիծին հարաւարեւելեան պաշտպանական ուղղութեամբ տեղակայուած դիրքերէն մէկուն մէջ հրազէնային մահացու վէրք ստացած է բանակի ժամկէտային զինուոր, 1992-ին ծնած Մարատ Դիմակսեանը: Վիրաւորը մահացած է զինուորական հիւանդանոց տեղափոխելու ճամբուն վրայ:

Բանակի լրատուութեան եւ քարոզչութեան բաժանմունքի տարածած հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ միջադէպին մանրամասնութիւնները ճշդելու համար քննութիւն կը կատարուի:

Share this Article
CATEGORIES