ԵՏԻԿԱՐԵԱՆ 90 ՎԱՅՐԿԵԱՆ ԴԱՇՏ ՆԵՐԿԱՅԱՑԱՒ ԽԻՄՔԻԻ ՀԵՏ

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Արթուր Ետիկարեան, որ փորձառական շրջան մը կ՛անցընէ Խիմքիի հետ (Ռուսիա), նախորդ շաբաթավերջին Ս. Փեթերսպուրկ Փեթրոթրեսթ խումբին դէմ տեղի ունեցած մրցումին դաշտ ներկայացաւ ամբողջ 90 վայրկեան, կը յայտնէ Armsport.am:

Ետիկարեանի կազմը, որ իր ուսումնամարզական հաւաքը կը կատարէ Թուրքիոյ մէջ, այս մրցումին 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց:

Նշենք, որ Բ. կիսախաղին Խիմքիէն դաշտ ներկայացաւ նաեւ Հայաստանի երիտասարդներու հաւաքականի մարզիկներէն Արտակ Ալեքսանեան:

 

 

Share this Article
CATEGORIES