ԸՍՏ ARMSPORT.AM-Ի ՀՐԱՉ ԵԱՔԱՆ ԿԸ ՄԱՐԶՈՒԻ ԳԱՆՁԱՍԱՐԻ ՀԵՏ

Հրաչ Եաքան

Հայկական Armsport.am լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ Գանձասար Կապանի միացած է Հայաստանի երիտասարդներու հաւաքականի նախկին միջնապահ Հրաչ Եաքան, որ այժմ կը մարզուի խումբին հետ:

Armsport.am, որ իր այս լուրը քաղած է հայկական ակումբին մամլոյ քարտուղարութենէն, կ՛աւելցնէ ըսելով, որ Գանձասար այժմ ուսումնամարզական հաւաք մը կը կատարէ Սոչիի մէջ (Ռուսիա):

Share this Article
CATEGORIES