ՃԱՏՐԱԿ. ԱՅՍՕՐ ԿԸ ՍԿՍԻ ԱՅՐՈՖԼՈԹԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔԸ

Այսօր` երեքշաբթի, 7 փետրուարին կը սկսի ճատրակի Այրոֆլոթի բաց մրցաշարքը` Մոսկուայի մէջ: Անիկա պիտի աւարտի 15 փետրուարին:

Ա. կարգի գլխաւոր մրցաշարքին, իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն հայրենի երկու կրանտմասթըրներ Վլատիմիր Յակոբեան եւ Հրանդ Մելքումեան:

Անոնց մրցակիցները կրնան ըլլալ մրցաշարքին մասնակցող 80 կրանտմասթըրներէն հետեւեալները.

Թոմաշեւսքի, Քարուանա, Լը Քուանկ Լիեմ, Ժոպաւա, Վալեխօ Փոնս եւ Սասըքըրան:

Բ. եւ Գ. կարգի մրցաշարքերուն եւս կը մասնակցին շարք մը հայրենի ճատրակ խաղացողներ:

ՀԱՅՐԵՆԻ ԿՐԱՆՏՄԱՍԹԸՐ Լեւոն Արոնեան իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ ճատրակի 5-րդ կրան շլեմի միջազգային մրցաշարքին, որ տեղի պիտի ունենայ 24 սեպտեմբերէն 13 հոկտեմբեր 2012-ին, Պիլպաոյի մէջ (Սպանիա):

Անոր մրցակիցները պիտի ըլլան Քարլսըն, Քրամնիք, Անանտ – Կելֆանտ մրցումին յաղթականը, ինչպէս նաեւ Լինարեսի եւ Պազմայի մրցաշարքերուն յաղթականները:

 

 

Share this Article
CATEGORIES